Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը, աշնանամուտի իր ձեռնարկներուն սկսաւ գեղեցիկ պարերեկոյթով մը, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 28-ին «Զաւարեան»ի սրահին մէջ։

Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, եւ խանդավառ երկսեռ երիտասարդութիւնը։ Մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ բացումը կատարեց տիկ. Վարդուհի Սիմոնիկեան։ Անկէ ետք, յաջող արտասանութիւններ ըրին՝ Կ. Խաչեան օրիորդներ՝ Կիւլա Գոճայեան եւ Շաքէ Չանկարեան։ Յաջորդաբար խօսելու հրաւիրուեցաւ պրն. Օննիկ Զաքարեան, որ իմաստալից բանախօսութեամբ մը վեր առաւ հայ կնոջ զոհաբերութիւնը հայապահպանման եւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ծանր այլ նուիրական գործին մէջ։ Եւ այս առթիւ գովեստով արտայայտուեցաւ Կ. Խաչեան ժրաջան քոյրերու եւ մայրերու հասցէին, որոնք տքնաջան աշխատանքներով մեր կեանքի աւերակներէն ծլարձակուող նորահաս սերունդը կը կազմակերպեն ու կը դաստիարակեն  վաղուան գիտակից հայ քաղաքացիները պատրաստելով։ Պրն. բանախօսը եզրակացնելով իր գաղափարները Հ. Կ. Խաչի մասին ըսաւ թէ՝ ան բարոյական եւ նիւթական անհաշուելի զոհողութիւններ կ'ընէ մեր նոր սերունդին համար եւ անսահման գուրգուրանք ու մայրական հոգածութիւն ցոյց կուտայ անոր հանդէպ։ Կարճ դադարէ մը ետք, ներկայացուեցան մէկ արարնոց Չ'ըլլա՛ր, Վերգին, Չ'ըլլա՛ր զաւեշտը, որուն պատրաստութեան հոգը սիրով ստանձնած էր տիկին Նուարդ Պէօրէքճեան։ Դերակատարներն էին, պրն. Գրիգոր Գրիգորեան, Կարպիս Մարկոսեան, եւ օր. Սոնա Պէօրէքճեան, Ալիս Գոճայեան, Աղաւնի Կճեմեան եւ Նազիկ Արապեան։ Բոլորն ալ լաւապէս կատարեցին իրենց յանձնուած դերերը։ Կ. Խաչի սոյն ձեռնարկին առանցքը կը կազմէր Ֆիքսի Երիտասարդացի նուագախումբը, որուն շնորհիւ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։ Ներկաները հիւրասիրուեցան Կ. Խաչեան քոյրերու կողմէ պատրաստուած աղանդերներով ու զովացուցիչներով։