Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Կոմունիստ» կը գրէ թէ՝ Թուրքիոյ սահմանակից եղող Սովիէթ Հայաստանի 16-էն 60 տարեկան բոլոր բնակիչները անցեալ Յուլիս 15-էն ի վեր կը մասնակցին կրաւորական օդային պաշտպանութեան փորձերու,

որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 31 Դեկտեմբեր։ Թերթը կը յայտնէ թէ՝ կորիզային, քիմիական եւ մանրէաբանական զէնքերու զարգացումէն ետք, բնակչութան պաշտպանութիւնը վճռական նշանակութիւն կը ստանայ։


Ս
ովիէթ Միութեան օրթոտոքս, հայկական եւ աւետարանական եկեղեցիներու պետերը՝ միացեալ կոչ մը ուղղեցին քրիստոնեաներուն, խնդրելով որ իրենցմէ կախում ունեցող ամէն ինչ ընեն, զինուորական աղէտի մը առաջքը առնելու համար։ Կոչը ստորագրողներուն մէջ կը գտնուին՝ Մոսկուայի օրթոտոքս պատրիարքը՝ Ալեքսիոս, հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսը եւ աւետարանական եկեղեցւոյ Եակով Ժիտկով։ Կրօնապետները իրենց կոչին մէջ կը յայտարարեն. «Չենք կրնար ամբողջ աշխարհին չյայտարարել թէ՝ ամերիկեան կառավարութեան անմիտ քայլերը կþոտնակոխեն քրիստոնէական վարդապետութիւնը եւ մեծ մեղք են Աստուծոյ հանդէպ»։

Պոլսոյ նախկին հայ երեսփոխան Մկրտիչ Շէլլէֆեան, որ Եասը Ատայի դատարանին կողմէ բանտարկութեան դատապարտուած էր դեմոկրատ ղեկավարներուն հետ, օգտուելով ներման օրէնքէն, 251 այլ քաղաքական բանտարկեալներու կարգին, ազատ արձակուած է Սիլիվրիի բանտէն, ուր բանտարկուած կը մնար մօտ երկուքուկէս տարիէ ի վեր։ Բանտէն արձակուելէ վերջ Մկրտիչ Շէլլէֆեան ուղղակի գացած է Շիշլիի իր բնակարանը։ Բանտէն արձակուած 251 դեմոկրատ նախկին պատասխանատուներու կարգին Մկրտիչ Շէլլէֆեան եւս որոշած է յետ այսու քաղաքականութեամբ չզբաղիլ։