Հոկտեմբերի մէջ Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» գոլէճի կից պուրակին մէջ, տեղի ունեցաւ Նորվեկիական եւ Զուիցերիական Գաղթականական եւ Քրիստոնէական Օգնութեան կազմակերպութեանց եւ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան կողմէ,

Նորվէկիացի մեծանուն մարդասէր եւ հայասէր Ֆրիտեոֆ Նանսէնի յիշատակին հայ կարօտեալ ծերունիներու համար կառուցանելի ծերանոցի հիմնարկէքը։ Արարողութեան ներկայ էին՝ յունաց մետրոպոլիտ Փանտէլէյմոն սրբազան, թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ սրբազան ընկերակցութեամբ՝ Տէր Ղուկաս Ա. քհնյ. եւ Տ. Անուշաւան քհնյ. հայրերուն։ Թեսաղոնիկէի նահանգապետ պրն. Մանուսոբուլոս, որ զետեղեց հիմնաքարը, հիւանդութեան պատճառաւ բացակայող հիւս. Յունաստանի նախարար՝ պրն. Մանենտիսի փոխարէն, Նորվէկիոյ Անգարայի դեսպանը, ՄԱԿի Աթէնքի Գաղթակ. գրասենեակի տնօրէնը եւ Նորվէկիական եւ Զուիցերիական Քրիստոն. Օգնութեան կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները, Նորվէկիոյ Թեսաղոնիկէի հիւապատոսը, Ազգ. Իշխանութեան կազմը, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւնները եւ այլ հրաւիրեալներ։ Արարողութենէն վերջ խօսեցան՝ Նորվէկիացի պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ նահանգապետը։ Նոյն օրը երեկոյեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն ներկայ էին վերեւ նշուած բոլոր պաշտօնական անձնաւորութիւններն ու հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ խուռն բազմութիւն մը։ Երգչախումբը՝ մերթ ընդ մերթ երգեց եկեղեցական մեղեդիներ։ Կարապետ Գալֆայեան բացատրեց օրուայ արարողութեան իմաստը եւ շեշտեց այն երախտագիտութիւնը, զոր կը տածէ հայ ժողովուրդը հանդէպ մեծ բարերարին՝ Ֆրիտյոֆ Նանսէնի եւ հելլէն ժողովուրդին։ Իսկ ընկ. Ժերմէն Իսպիրեան անգլիական հարազատ առոգանութեամբ կարդաց ուղերձ մը, ուր վեր կ'առնուէր մեծ Նորվէկիացիին անհատականութիւնը ինչպէս նաեւ մարդկութեան եւ մեր ժողովուրդին մատուցած անոր անգնահատելի ծառայութիւնները եւ հայութեան տածած պաշտամունքը անոր հանդէպ։