Ս.Նշան վարժարան այցելեց Ճորճ Մարտիկեան: Վարժարանի մանկապարտէզի սրահին մէջ ամփոփուած աշակերտութիւնը, Նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն, ամբողջ ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, հոգաբարձութիւնն ու թաղականութիւնը,

ինչպէս նաեւ տէր Խորէն քահանան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչները ծափողջոյններով ընդունեցին հիւրը եւ, վարժարանին բարերարը՝ Սուրէն Խանամիրեան: Վարժարանին տնօրէնը ներկայացուց օրուան հիւրը՝ ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր որպէս զտարիւն եւ մեծ հայ մը, որ իր պատանի հասակին սիրած է ուսուցչութիւնը, պահ մըն ալ Լենինականի որբանոցին մէջ զբաղած այդ «սուրբ գործով» (ինչպէս ինք կ՛ըսէ), բայց քսան տարեկանն իսկ չբոլորած՝ մեկնած է Ամերիկա, ուր շնորհիւ իր յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքին՝ հասած է տեղ մը, երբ այլեւս ամուր զգալով՝ ինքզինք ամբողջապէս նուիրած է ազգօգուտ աշխատանքներու: Տնօրէնը ջանաց Ճորճ Մարտիկեանին կենսագրութեան ընդմէջէն տալ քանի մը բարոյական դասեր՝ աշակերտութեան,  քանի մը հիմնական բանալիներ՝ յաջողութեան: Ապա խօսք առաւ ինքը՝ Ճորճ Մարտիկեան, չափազանց ուրախ երեւոյթով, բայց նաեւ յայտնապէս՝ յուզուած, հայրական շեշտով դիմեց աշակերտութեան, իր փորձառու մարդու լեզուով խրախուսեց զանոնք, քաջալերեց ու յորդորեց: Մասնաւորաբար դիտել տուաւ անոնց, որ պէտք է իրենք զիրենք հպարտ ու երջանիկ զգան այսպիսի հայաշատ գաղութի մը մէջ ապրելնուն, հայ վարժարան յաճախելու բախտաւորութիւնը ունենալնուն համար: Ճորճ Մարտիկեան, որ 40 տարիէ ի վեր հաստատուած է Խաղաղականի ափին, չէր կրնար չխօսիլ, սրտի անհուն թախիծով, այն սերունդներու մասին, որոնք օր-ցերեկով ծնողներու աչքերուն առջեւ կը հալին, կ՛այլասերին հայ դպրոցի չգոյութեան պատճառով: Վարժարանին սան-սանուհիները իրենց տոհմիկ երգերով ու ազգաշունչ արտասանութեամբ յուզեցին ու կազդուրեցին (իր բառն է) օրուան հիւրը: Աշակերտութեան ցրւումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: