Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ (10 Հոկտեմբեր) կը կարդանք. Կեսարիոյ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհն. Կարապետեան, պատրիարք հօր յանձնարարութեամբ հովուական այցելութեամբ Ամասիա,
Սիմ Հաճիքէօյ, Թոքատ եւ Սեբաստիա մեկնած եւ զանազան մկրտութիւններ, պսակներ կատարած եւ սուրբ հաղորդութիւն մատակարարած է: Կեսարիա վերադարձած եւ Խաչվերացի առաւօտուն պատարագած եւ երեկոյին ալ ռեհանի օրհնութեան արարողութիւն կատարած է հանդիսաւորապէս: Տէր հայրը իր այցելած բոլոր տեղերուն մէջ ունեցած գործունէութեան եւ ժողովուրդին կացութեան եւ զբաղումներուն մասին տեղեկագիրներ ղրկած է պատրիարքարան: Թոքատի մէջ ներկայիս կան 50-60 հայ ընտանիքներ, որոնք ըստ բաւականին ինքնաբաւ են, արհեստաւոր եւ խանութպան: Քաղաքը հետզհետէ յառաջդիմելու վրայ է: Հոն ծանօթացած է Ս. Խաչ դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Նշան Քեշինիճեանին որ Մանիսա մեկնեցաւ իբրեւ ուսուցիչ սպայ իր զինուորական պարտականութիւնը կատարելու համար:
«Հայրենիք»-ի թղթակիցը 11 Հոկտեմբեր թուականով կը գրէ Լոս Անճելըսէն.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հրապարակային շքեղ ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Խաչիկ Պապիկեանի, Կիրակի, Հոկտեմբեր 7, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահը, Լոս Անճելըս: Ներկայ էր հոծ բազմութիւն մը, շատեր ոտքի վրայ մնացին: Ատենապետեց հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան: Խօսք առին՝ Յովսէփ Փիրումեան՝ նախագահը հիմնարկութեան, Ալեք Փիլիպոս եւ Սմբատ վրդ. Լափաճեան: Բիւզանդ Կռանեան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը, որ խօսք առաւ, շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ կրթ. հիմնարկութեան, որ կազմակերպած էր ճաշկերոյթը, գնահահեց հիմնարկութեան կատարած դերը, յայտարարեց, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը անսահման ապագայ մը ունի իր առաջ եւ հետզհետէ պիտի մեծնայ ու զօրանայ: