(Շար.) Հաւաքուած հայրենակիցները բարի գալուստ մաղթեցին հիւրերուն եւ յայտագիրը շարունակուեցաւ տոթք. Արշակունիի խօսքով։

Յաջորդաբար, Գոմոթինիի երկսեռ երգչախումբը ղեկավարութեամբ պրն. Յակոբ Գալայճեանի, երգեց երկու հայկական խմբերգներ՝ ներկաներուն ոգեւորութիւնը աւելի եւս բարձրացնելով։ Երիտասարդութեան ձայնը լսելի դարձուց պրն. Կարապետ Գալֆայեան, ըսելով թէ այսօրուայ երիտասարդութիւնը պիտի ընթանայ իր պապերուն ճամբէն եւ պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը լրիւ կերպով։ Օր. Մաննիկ Պէօրէկճեան, բարձրախօսին առջեւ անցնելով ըսաւ որ այսքան ոգեւորութեան մէջ չի կրնար լուռ մնալ։ Ան ըսաւ թէ պատմութիւնը կը փաստէ թէ հայուն պէս ազատութեան եւ անկախութեան տենչացող ազգեր երբեք չեն կորսուիր եւ այս տեսակ հաւաքոյթները կը սատարեն մեր գոյատեւման։ Բոլոր արտասանողները, երգողները եւ խօսողները արժանացան բուռն ծափերու։ Պէյրութի Համազգայինի թատերախումբի ուժերէն օր. Արշալոյս Պոյաճեան երգեց հայկական երգեր։ Գեր. Տ. Արտակ սրբազան խօսելու հրաւիրուելով՝ ըսաւ թէ մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար տեսնելով այսքան շատ հայեր ի մի համախմբուած։ Գավալայի Թաղականութեան ատենապետ պրն. Տիգրան Պլէճեանի շնորհակալութեան խօսքէն եւ յառաջիկայ տարի աւելի մեծ թիւով ներկայ գտնուելու հրաւէրէն եւ նախագահին ալ Գավալայի Թաղականութեան, Հ. Գթ. Խաչի վարչութեան եւ բոլոր գավալահայերուն ունեցած տաք վերաբերումին համար ըրած շնորհակալութեան խօսքէն վերջ, «Յառաջ նահատակ»ը երգելով փակեցինք պաշտօնական հանդէսը։ Արդէն ժամը 8։30 եղած էր, երբ՝ յաջորդ օր գեղատեսիլ Թասոս կղզին այցելելու համար Գավալա մնալու ստիպուած Աթէնացիներէն զատ բոլորս մտանք փուլմանները, վերադառնալու համար մեր քաղաքները։ Գավալայի «Թահիտորմոս» օրաթերթը՝ իր Սեպտեմբեր 18-ի թիւին մէջ Ս. Խաչի Վերացման տօնին առթիւ, Գավալայի ուխտագնացութեան մասին լայն անդրադարձ մը ունեցած էր։