Օգոստոսի վերջաւորութեան Ֆիքսի Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ, բոլոր շըրջաններէն եկած բազմաթիւ երիտասարդ - երիտասարդուհիներու եւ երկսեռ ազգայիններու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի Կեդր. Վարչութեան կազմակերպած դասախօսութիւնը։
Բացումը կատարեց ընկեր Դանիէլ Դանիէլեան, որ քանի մը խօսքով ներկայացնելով օրուան դասախօսը՝ ֆրանսահայ ծանօթ նկարիչ ընկ. ժիրայր Փալամուտեանը, հրաւիրեց զայն խօսելու։ Ընկ. Փալամուտեան խօսեցաւ «Ազգ եւ հայրենիք» նիւթին շուրջ, զոր շատ լաւ ուսումնասիրած էր եւ զոր ներկայացուց մաքուր հայերէնով եւ շատ գեղեցիկ կերպով։ Ընկերը մասնաւորաբար ծանրանալով լեզուի եւ հայրենի հողի զօրութեան վրայ, ազգապահպանման տեսակէտէ, ըսաւ. «Պատմութիւնը չի կրնար այնքան դաժան ըլլալ՝ որ այս ժողովուրդը յաւիտեան հայրենիքէն հեռու մնայ։ Խորապէս կը հաւատամ որ, օր մը, ուշ կամ կանուխ, մենք կը հաւաքուինք մեր ազատ եւ անկախ հայրենիքէն մէջ։ Մինչ այդ, դուք բոլորդ, շէն պահեցէք նորակառյոց այս վարժարանը։ Լեցուցէք զայն հայորդիներով, որովհետեւ, հայրենիքը՝ պէտք ունի հայրեէն խօսող, հայօրէն ապրող եւ հայօրէն մեռնիլ գիտցող զաւակներու»։
Կեսարիոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան, որ մօտակայ գաւառները հովուական այցելութեան ելած էր, Ս. պատրիարք հօր հրամանով, հասած է Ամասիա, ուր հիւրասիրուած է քաղաքին ծանօթ ազգայիններէն Երուանդ Ահարոնեանի բնակարանը, ուր յաջորդ օրը կատարեց Ահարոնեանի աղջկան‘ Պոլսոյ Տիրուհիի պսակադրութիւնը: Նոր հարսը Պոլսոյ յղութեան քոյրերու վարժարանին յաջող շրջանաւարտներէն մէկն է: Տէր հայրը Ամասիայի մէջ 12 երեխաներ մկրտեց եւ երկու յապաղած զոյգեր ալ ամուսնացուց: Ամասիոյ քաղաքին մէջ կայ 75 հայ ընտանիք‘ 320 հոգիով: