(Շար.)
Երբ սելճուքները կը գրաւեն այս քաղաքը, եկեղեցւոյ շինութիւնը չաւարտած եղեր, Ալփասլան վերջացնել կու տայ շէնքը, որ իբրեւ մզկիթ կը գործածուի:
Աւելի ետք, ուրիշ մզկիթներ ալ կը կառուցուին. անոնցմէ մէկն է «Պոզ ճամին»: Բայց 93-ի պատերազմին, երբ ռուսերը կը գրաւեն այս շրջանը, հայերը կու գան, կը քանդեն հիմերը եւ կը փլցնեն մզկիթը… Հայոց շրջանին, Կաթի աւազան մը կայ եղեր առեւտուրի կեդրոն Անիի մէջ: Անասնաբուծութիւնը շատ զարգացած է եղեր երկու հարիւր հազար բնակիչ ունեցող այս քաղաքին մէջ եւ իբրեւ դիւրութիւն կաթի աւազան մը կը շինեն քաղաքին կեդրոնը: Ագարակներու մէջ հաւաքուած կաթերը, խողովակներով այս աւազանին մէջ կը լեցուին եւ յետոյ ագարակապանները, իրենց ունեցած կենդանիներու թիւին համաձայն, կը ստանան եղեր իրենց բաժինը: Ներկայիս, Անիի մէջ կանգուն մնացած են Մայր եկեղեցին, որ Ալփասլանի կողմէ մզկիթի վերածուած էր-ուրիշ մզկիթ մը, պարիսպներ եւ «Մակազպէնթ» բերդը: Ռուսերը ամէն ջանք թափած են այստեղի կոթողներուն վրայէն թրքական հետքերը ջնջելու համար: Հակառակ ասոր անվնաս մնացած են Առիւծներով Դուռը եւ ուրիշ կոթողներ: Անի, որ Ասիոյ մուտքին կը գտնուէր, ունէր օթեւաններ, պալատներ եւ կարաւաններու համար մասնաւորաբար բացուած քարայրներ, հետեւաբար դիւրաւ կրնայ դառնալ զբօսաշրջական հրապուրիչ վայր մը: Ատեն մը Ալփաչայի քայմաքամը մտածեր է պանդոկ մը շինել հոն, սակայն յատկացում չէ տրուեր եւ ստիպուեր է հրաժարիլ իր ծրագրէն անոր տեղ պաս մը գներ են Անիի համար: Պասին հասոյթով ալ պանդոկ մը պիտի շինուի եղեր Անիի աւերակներէն դուրս: Ասիկա երազ մըն է անշուշտ:
Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Հ. Ն. Նաճարեանի «Թուրք-իրանական յարաբերութիւնները 16-րդ դրում եւ 17-րդ դրի առաջին կէսին եւ Հայաստանը» խորագրով աշխատութիւնը։