Կարսէն կը գրեն Պոլսոյ թրքական թերթերուն.- 
Կարսի բնակիչները որոշած են վերակենդանացնել այս նահանգի պատմութիւնը եւ իրենց ճոխ ֆոլքոլորով ու պատմական արժէքաւոր հնութիւններով հրապուրել զբօսաշրջիկները:

Անին ճանչնալու համար պէտք է կարդալ Կարսի պատմութիւնը, կամ երկար նեղութիւններ ստանձնելով՝ այդ պատմական քաղաքը այցելել: Այս ձեւով միայն կարելի կ՛ըլլայ ճանչնալ անցեալը այս դարաւոր քաղաքին, որ ձեռքէ ձեռք անցած է: Հակառակ անոր որ Անի քաղաքը, Հայոց Գագիկ Ա.էն (989-1020) մինչեւ սելճուքներու Ալփասլան արքայի շրջանը, իրենց ամենափայլուն շրջանը ապրող վարիչներ եւ զանազան արշաւանքներ տեսած է, բայց եւ այնպէս կրցած է կանգուն մնալ: Սակայն Անիի աւերակները հետզհետէ կ՛ոչնչանան անտարբերութեան պատճառով: Կարսի բնակիչները դժգոհ են եւ այժմ կ՛ուզեն կորուստէ փրկել այս պատմական քաղաքի կոթողները: Հակառակ անոր որ Անիի մասին ահագին հրատարակութիւն կատարուած է, ցարդ զբօսաշրջական վայրի մը մէջ չէ վերածուած անիկա: Պատմութիւնը կ՛ըսէ, թէ Անին ատենօք հայոց ամէնէն աչքառու քաղաքն էր: Ըստ աւանդութեան պարիսպներով շրջապատուած միջնադարեան այս քաղաքին մէջ 1001 եկեղեցիներ կային, որովհետեւ ամէն գերդաստան իր եկեղեցին ունէր եւ իւրաքանչիւր գերդաստանի պատկանող անձ, կրնայ միայն իրեն պատկանող եկեղեցիին մէջ աղօթել: Պատմութիւնը իբրեւ «գլուխը բարձր, ծոծրակը հաստ» մարդիկ կը յիշէ Անիի բնակիչները: Անոնք հազար եկեղեցիներ կառուցած  էին իրենց քաղաքին մէջ: Օր մը հովիւ մը կու գայ այս քաղաքը, կը տեսնէ թէ աղօթելու հնարաւորութիւն չունի: Ան ալ պարիսպներէն դուրս, եկեղեցի մը կը շինէ, իրեն համար այս կերպով 1001-ի կը բարձրանայ եկեղեցիներու թիւը… Ներկայիս շէնք մը կանգուն կը մնայ այս աւերակ քաղաքին մէջ: Անիի Մայր եկեղեցին է ան:
(Շար. 1)