Ամերիկահայ համբաւաւոր երգահան Ալան Յովհաննէս, վերջերս Հոնոլուլու հրաւիրուած է տեղւոյն Համալսարանին կողմէ, իբրեւ երաժշտութեան այցելու ուսուցիչ։

Մայիս 20-էն 27, ամբողջ շաբաթ մը, Հոնոլուլուի մէջ տեղի ունեցած է «Յովհաննէս Ֆեսթիվալ» մը, որու ընթացքին նուագած են հայազգի արուեստագէտին հեղինակութիւնները։ Մայիս 4-ին ալ, Քեմպրիճի մէջ, Հարվըրտ համալսարանի նուագախումբը նուագած է Ալան Յովհաննէսի «Սիմֆընի թիւ 4»ը։ Ալան Յովհաննէսի հեղինակութիւնները կը նուագուին աշխարհի բոլոր կողմերը։

Ամերիկայի մէջ լոյս տեսաւ ընկերաբան Տոնալտ Մայքըլի 48 էջնոց մէկ պզտիկ հատորը, որ անշուշտ, ամէնէն շատ ծախուող գիրքը պիտի չըլլայ, սակայն Ամերիկայի մտաւորականներու ուշադրութիւնը գրաւեց։ Պ. Մայքըլ կը փորձէ պատասխան գտնել հետեւեալ հարցումին. «Ամերիկացիք ինչպէս՞ս պիտի ապրին քսան տարի ետք, երբ ներքին տնտեսական պայմանները եւ օտար մրցակցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն պիտի ստիպեն հետզհետէ աւելի մեծ չափով դիմել մեքենային, գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ - ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ առեւտուրի։ Ապագայի մասին անոր հեռանկարը մռայլ է։ Իրեն համար տարակոյս չկայ թէ՝ 1980-ին, մեքենաները եւ ելեկտրոնական ուղեղները գրաւած պիտի ըլլան մասնագէտ եւ ոչ մասնագէտ բոլոր բանուորներուն տեղը՝ հանքերու, գործարաններու եւ նաւահանգիստներու մէջ։ Այս մեքենաները միայն մարդուն ըրած ճշգրիտ եւ ամէնէն նուրբ գործերը պիտի չընեն, այլ նաեւ՝ պիտի մտածեն։ Այսպէս, բոլոր պաշտօնեաները պիտի դատապարտուին անգործութեան։ Միայն փրոֆեսէօրները, բժիշկները, փաստաբանները, արուեստագէտները, այսինքն անոնք՝ որոնց արհեստը մարդուն համար մարդու դատողութեան պէտք ունի - միայն կրնան ապրելու յոյս ունենալ աշխատանքի, ամերիկեան ամբողջ շուկային վրայ մեքենայի աստիճանաբար տիրապետութենէնէն ետք ալ։