Տոքթ. Է. Էլմաճեան եւ իր խումբը, Պաալպէքի փառատօնին «ՕՐՖԷ» օփերայի երեք ներկայացումներէն ետք, որոնց ընթացքին կատարեալ յաջողութիւն մը արձանագրեցին, ընդունելութիւն մը կազմակերպած են

ի պատիւ Փարիզի օփերայի երգչախումբի վարիչ Էլիզապէթ Պրասէօրի: Այդ հաւաքոյթին Պրասէօր, իր քաջալերանքի խօսքերէն ետք, թելադրեց, որ խումբը պահէ իր կազմը եւ «օրաթորիօ»ներ տայ, եւ յայտարարեց, թէ ֆրանսական դեսպանատան մշակութային կցորդը խումբին ունեցած յաջողութենէն խանդավառուած՝ երեք կրթաթոշակ տրամադրած է, որպէսզի երեք խոստմնալից երիտասարդներ Փարիզի մէջ  մշակեն իրենց ձայնը:

«Կոմունիստ» թերթը վերջերս լոյս ընծայեց խմբագրական մը: «Ձերբազատուիլ մեր գրական սխալներէն» խորագիրին տակ: Խըմբագրական մարմինը դիտել կու տայ, թէ 1935-1936 շրջանին Հայաստանի գրողներու միութիւնը կը բաղկանար միայն 40-45 անդամներէ. մինչ այսօր այս թիւը հասած է 240-ի: Թերթը դիտել կու տայ, թէ աճը անսովոր երեւոյթ մըն է եւ իրականութեան բնաւ չի համապատասխաներ: - Այս բոլոր անդամները գրողնե՞ր են,- կը հարցնէ խմբագրականը: Եւ կը պատասխանէ շռնդալից ՈՉ-ով մը: Եւ ատով կը բացատրէ այն երեւոյթը, որ Հայաստանի գրական արտադրութեան որակը խիստ ցած է: Ու կ՛եզրակացնէ. - Հայաստանի գրողներու միութիւնը ինքզինք ձերբազատելու է իր մեռեալ տարրերէն:

Երեւանի երկրաբանական գիտութիւններու հիմնարկութիւնը կազմեր է Հայաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող մետաղի հանքերուն նոր քարտէսները, որ կը ներկայացնեն հանքերուն տեղը, պաշարը եւ հետազօտութիւններուն արդիւնքները։


Խ
որհրդային գիտութիւններու ակադեմիայի 
անդամ ընտրուած է միջազգային եւ յարաբերութիւններու մասնագէտ՝ Ա. Արզումեանեան։