Երեւանի կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուած է Հայաստանի ընդերքի հարստութիւններուն նուիրուած ցուցահանդէս մը,

ուր զետեղուած են վերջին հարիւր տարուան ընթացքին Հայաստան եւ այլուր հրատարակուած հանքաբանական գիրքեր՝ Հայաստանի հանքերուն վերաբերեալ: Հայ երկրաբանները ցարդ յայտնաբերած են 30 տեսակ հանածոներու աւելի քան 200 հանքեր եւ 300-է աւելի զանազան հանքային աղբիւրներ, որոնց մեծ մասը ունի բուժիչ յատկութիւն: Հայաստանը յատկապէս հարուստ է շինաքարերով: Երեւանի երկրաբանական թանգարանը ունի հանքատեսակներու եւ շինանիւթերու աւելի քան եօթը հազար նմուշներ եւ տարատեսակներ, զորս գիտնականները հաւաքած են Հայաստանի այլ եւ այլ շրջաններէն:



Ա. աշխարհամարտէն ետք, 1920-ին Փարիզի մէջ, Անթուան Մէյէի ու Ֆրետերիք Մաքլերի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հրատարակուիլ«Ռըվիւ տէ զ՛Էթիւտ զ՛Արմենիէն»-ը, որ որպէս հայագիտական պարբերաթերթ իր գոյութիւնը կրցաւ պահել մինչեւ 1933: Այս տարիներու ընթացքին վերոյիշեալ հայերէնագէտներ, ինչպէս  նաեւ հայագէտներ խիստ արժէքաւոր յօդուածներ ստորագրեցին սոյն հանդէսին մէջ, որ ճոխապէս պատկերազարդուած ալ էր: Նիւթական անձկութիւնը պատձառ եղաւ, որ ան դադրի 1933-ին: Հիմա, «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկը‘ գնահատելով անցեալի օգտաշատ ծառայութիւնները, տրամադրած է որոշ գումար մը, որպէսզի այս հանդէսը վերհրատարակուի: Կազմուած է արդէն խմբագրական մարմին մը, իր գլուխը ունենալով ծանօթ իրաւագէտ ու հայերէնագէտ փրոֆ. Էմիլ Պենվընիսթը: Խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն նաեւ փրոֆ. Ժորժ Տիւմեզիլի ու փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի նման հայերէնագէտներ, Ա. Կրապարի նման հայ գեղարուեստի պատմութեան մասնագէտներ: Խմբագրական քարտուղարն է Հայկ Պէրպէրեան, կ՛ակնկալուի, որ նոր շարքին առաջին թիւը լոյս  տեսնէ 1963-ի ընթացքին: