Վերջերս, Թեսաղոնիկէի «Մաքետոնիքոն Սփուտոն»ի տանիքին վրայ, մեծ թիւով երիտասարդներու եւ հայրենակիցներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Խանասորի արշաւանքի 65-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։ Բացումը կատարեց ընկ. Լեւոն
Ճլկունի, որ շեշտեց թէ Հայ Յեղափոխութեան իրագործման պատմարժէք սխրագործութիւններուն ամէնանշանակալիցներէն կը հանդիսանայ Խանասորի արշաւանքը, իր բացառիկ նշանակութեամբ եւ խորհուրդով։ Հ. Յ. Դ. Երիտ. միութեան «Դանիէլ Վարուժան» խումբին կողմէ՝ընկ. Վահէ Աւետիսեան կարդաց ուղերձ մը, ուր հասնող սերունդը կը յայտնէր թէ հաւատարիմ կը մնայ Հ. Յ. Դ. սրբազան իտէալին, որուն իրագործման համար պատրաստ է ամէն զոհողութեան։ Հ. Յ. Դ. Պատանեկան միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին կողմէ Յակոբիկ Գասապեան ըրաւ յաջող արտասանութիւն մը՝ ծափահարուելով հանդիսականներէն։ Ապա, նախագահի հրաւէրով խօսք առաւ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, որ վեր առաւ պատմական դէպքը եւ անոր իրագործման հետ կապուած դժուարութիւնները։ Խանասորը ըսաւ ընկեր Գալֆայեան, ճամբան բացաւ Մայիս 28-ին։ Առանց Խանասորներու՝ մենք երբեք պիտի չունենայինք Մայիս 28-ը։ Յաջորդաբար, երիտասարդներու կողմէ երգուեցաւ «Կարկուտ տեղաց»ը եւ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր։
- Հայ Կապոյտ Խաչի Տրոսիայի աշակերտական կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Յուլիսի վերջաւորութեան։ Ներկայ էին յունահայոց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, հիւրաբար քաղաքս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի նախկին տեսուչ՝ հոգշ. Տ. Արտ. վրդ. Դրդրեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ազգայիններ։ Հանդէսը բացուեցաւ աշակերտներու մէկ խմբերգով, ապա փոքրիկներու կողմէ եղան արտասանութիւններ, խմբերգներ, հայկական պարեր եւ գեղեցիկ մարզախաղեր։