Անցած շաբաթ օդային ճամբով Անգլիա մեկնեցաւ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը իր 28 Յուլիսի թիւին մէջ այդ առթիւ կը գրէ.- Երէկ խմբագրատանս մէջ հաճոյքը ունեցանք ընդունելու այցելութիւնը Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ Տ. Գարեգին վրդ. Սարգիսեանը, որ անցեալ օր դէպի Անգլիա կատարած իր ճամբորդութեան առթիւ քաղաքս ժամանած էր: Հայր սուրբը Պոլիս հասնելէ ետք իր առաջին այցելութիւնը տուած էր Շնորհք պատրիարք հօր եւ ունեցած էր տեսակցութիւն մը անոր հետ: Գարեգին վարդապետ, որ իր ուսումը կատարելագործած էր Օքսֆորտի համալսարանին մէջ, այժմ Անգլիա կը մեկնի զբաղելու համար աստուածաբանական իր աւարտաճառի հրատարակութեան գործով:
Լիբանանի Օգնութեան Խաչի արծուիկները շաբաթէ մը ի վեր բանակումի ելած են Խընչարայի ակը, ուր, բնութեան ծոցին մէջ խանդավառ օրեր կ՛ապրին: Տասը վրաններու տակ, որոնք շատ կոկիկ դասաւորուած են, 35 արծուիկներ զինուորական կարգապահութեամբ կը հետեւին աշխատանքներուն, իւրաքանչիւրը՝ գիտակից իր պարտականութեան եւ դերին:
Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն.- Շաբթուան մը համար Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցը խարսխած էր Չիլիի Հանրապետութեան մարտանաւերէն «ԷՍՄԵՐԱԼՏԱ», 350 նաւազներով եւ ծովային նորաւարտ սպաներով: Վերջիններուն մէջ էր հայազգի Հերնան Գույումճեան, որ աւարտած էր իր ընթացքը իբրեւ յաջողագոյն ուսանող իր կարգին՝ ի պատիւ իր ծնողաց եւ հայութեան: Տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեան հիւրասիրեցին հայ սպան իր ընկերներուն հետ՝ թէ՛ «Օմար Խայեամ» ճաշարանին եւ թէ՛ իրենց բնակարանին մէջ: Հերնան Գույումճեան իր ընկերներուն հետ «Էսմէրալտա»-ով մեկնեցաւ դէպի Խաղաղականի կղզիները, ուրկէ պիտի վերադառնան Չիլի մօտ երեք ամիսէն: