«Մարմարա»-ի մէջ (21 Յուլիս) կը կարդանք.-  Փոքրամասնութիւններու վարժարաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող թուրք փոխ տնօրէնի դրութեան վերջ տրուած էր 1949-ին:

Այդ դրութիւնը վերստին գործադրութեան դրուած է: Այսպիսով եօթներորդ Ազգային կրթական խորհուրդին մէկ որոշումն է, որ գործադրութեան կը դրուի, քանի որ խորհուրդը տուած էր նման որոշում մը, այն պատճառաբանութեամբ, թէ փոքրամասնութեան վարժարանները մանաւանդ վարչական լաւ գործունէութիւն ցոյց չեն տար: Նախարարութեան այս որոշումը առ այժմ պիտի գործադրուի փոքրամասնութեանց միջնակարգ վարժարաններուն մէջ: Կրթական տնօրէնութիւնը թրքերէն եւ մշակոյթի ուսուցիչներուն մէջէն պիտի ընտրէ փոխտնօրէնները, որոնց պարտականութիւնը ճշդուած է առանձնապէս: Համաձայն անոր, փոխ տնօրէնները պիտի հսկեն թրքերէն եւ մշակոյթի դասաւանդութեան եղանակին վրայ եւ վարժարանի ընդհանուր յայտագրին համաձայն, զարկ պիտի տան այդ դասերուն եւ վարժարաններուն տնօրէններու հետ առաջին աստիճանի վրայ պատասխանատու պիտի նկատուին: Անոնք վարչական գետնի վրայ ալ տնօրէններուն պիտի օգնեն:

Պոլսոյ թերթերուն մէջ կը կարդանք.- Հաճոյքով կը տեղեկանանք, թէ ծանօթ ատամնաբուժ տոքթ. Հայկ Եղիազարեան Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հանդէպ իր համակրանքը յայտնած է հաստատութեան նուիրելով իր կարեւոր մէկ կալուածը: Այս առթիւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը հրատարակութեան յանձնած է հետեւեալ շնորհակալական գիրը. Հոգաբարձութիւնս խորին շնորհակալութեամբ կը յայտնէ, թէ տոքթ. ատամնաբուժ Հայկ Եղիազարեան իր նախապէս հիւանդանոցին կատարած դրամական մեծագումար նուիրատուութիւններէն անջատաբար, այս անգամ եւս գթութեան յարկին կը կտակէ Պէյօղլու Թաքսիմի յայտնի մէկ շրջանին մէջ գտնուող իր կարեւոր մէկ անշարժ կալուածը: