Այս հինգերորդ տարին է որ Հ. Կ. Խաչի աշակերտական քէմփը կը կազմակերպուի Տրոսիայի մէջ։ Տեղը ընդարձակ է ու ծառախիտ։

Տրոսիայի հայկական քէմփը ունի սեփական ջրհոր, պաղ եւ մարսեցնող ջուրով, յստակ եւ քիմքը զուարթացնող համով, իր շրջանին մէջ՝ մէկ հատիկ է, չկայ այս ջրհորին հաւասարող ուրիշ ջրհոր մը։ Աշակերտներն ու պաշտօնեաները կը խմեն ու չեն կշտանար, կարծես թէ Բիւրակնեան լեռներէն բխող ջուր մըն է, հայաշունչ եւ մտերմիկ, ծանօթ մեր երազին ու պատմութեան։ Այս տարի, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութիւնը քէմփին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ տիրող ես եւ անհատականութիւն, ունի իր սեփական գոյքերը, վրաններ, սեղաններ, աթոռներ, մահճակալներ, ելեկտրական կազմածներ, բաղնիք, խոհանոց, մառան, ճաշարան եւ անհրաժեշտ բոլոր ամաններն ու գործիքները։ Քէմփը պիտի ունենայ երկու շրջան, Յուլիս 15էն մինչեւ Օգոստոս 15՝ մանչերու համար, իսկ Օգոստոս 15-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 15 աղջիկներու համար։ Այս անգամ, քէմփին կը մասնակցին 62 աշակերտներ եւ 9 պաշտօնեաներ, 1 վարիչ, 3 հսկիչ, 2 խոհարար, 1 մատակարար, 1 մառանապետ, 1 գնորդ եւ գործակատար։ Աշակերտները, օրը չորս անգամ կը ճաշեն, նախաճաշ՝ ժամը 8-ին, ճաշ՝ 1-ին, նախընթրիք, 5-ին, ընթրիք՝ 8.30-ին։ Իբրեւ կերակուր, շաբաթական երկու անգամ առատ ձուկ, երկու անգամ թարմ միս. օրը երկու անգամ պտուղ, մերթ հաւկիթ, անուշեղէն, կաթ, մածուն, բանջարեղէն եւ պանիր կը տրուին։ Վերջապէս աշակերտները կը ստանան բժիշկներու հրահանգին համաձայն, անհրաժեշտ ջերմուժ եւ կենսանիւթ։ Աշակերտները Հ. Կ. Խաչի կազմակերպած քէմփին մէջ՝ ենթակայ են մայրական ջերմիկ հոգածութեան, ժամանակին կը լուացուին, կը լոգցուին՝ ճերմակեղէններ կը փոխուին, կը քնացուին, շաբաթական մէկ կամ երկու անգամ կը սարքուին հաւաքոյթներ, որոնց ընթացքին տեղի կ'ունենան խմբերգներ, զաւեշտներ, արտասանութիւններ, կը պատմուին բարոյական եւ հայրենասիրական պատմութիւններ եւ պատմական դրուագներ։