Ամերիկեան թերթեր եւ հեռագրական գործակալութիւններ կու տան ամերիկեան կառավարութեան անջրպետի ձեռնարկներու համար յատկացուցած աստղաբաշխական գումարներու մանրամասնութիւնները:

Ծերակոյտի եւ ներկայացուցչական Տան պատկան յանձնախումբը  վաւերացուց 3.744.115.250 տոլարի պիւտճէ մը՝ անջրպետի մէջ քաղաքային ձեռնարկներու համար: Այս գումարը 43 միլիոն միայն նուազ է՝ կառավարութեան առաջարկած գումարէն:  Յիշեալ գումարէն 1.3 միլիառը ուղղակի պիտի տրուի՝ մարդատար անջրպետի նաւերու համար, նաեւ առաջնակարգ ծրագիրի մը, լուսնի վրայ արշաւախումբ մը հաստատելու մասին: Վերջին հաշիւներու համաձայն, լուսին երթալու ծրագիրը, որ Ապողոն Ծրագիր կը կոչուի,  քսան միլիառ տոլար պիտի արժէ՝ յառաջիկայ ութը տարիներուն: Ներկայացուցչական Տունը վաւերացուց նաեւ 4.672.000.000 տոլարի գումար մը՝ արտաքին օգնութեանց համար: Այս գումարն ալ 206.5 միլիոն պակաս է՝ կառավարութեան առաջարկէն: Հանրապետական ծերակուտական Պոպ Քէզի  գանգատեցաւ այս առիթով, թէ վաւերացուած ծրագիրը չէր բովանդակեր կրճատումը՝ համայնավար երկիրներու ըլլալիք օգնութեանց:
 
«Յառաջ»-ի մէջ կը կարդանք.- Յուլիսին մէջ, նորսերնդականներէ եւ ընկեր-ընկերուհիներէ բաղկացած ստուար խումբ մը այցի գնաց մեծ հայուն՝ Մ. Վարանդեանի շիրիմին: Ծաղկեպսակներ դրուեցան դամբարանին վրայ՝ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյին, Կապոյտ խաչի, Համազգայինի եւ «Նոր Սերունդ»ին կողմէ: Յիշեալ կազմակերպութիւններուն անունով շիրիմին առջեւ եւ նոր սերունդին ուղղուած իրենց խօսքը ըսին՝ Շ. Նարդունի, Կ. Փոլատեան, Պ. Սնապեան եւ «Նոր Սերունդ»ի Կեդր. վարչութեան անունով Յակոբ Արթինեան: Խօսողները վեր առին Մ. Վարանդեանի մէջ՝ մտաւորականը, գրչի մարդը եւ հայրենանուէր գործիչը, թելադրելով, որ նոր սերունդը քալէ անոր անցած սրբազան ճանապարհէն: