Խանասորի արշաւանքի 65-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած ընտանեկան դաշտագնացութիւնը դէպի Սուլիի ծառախիտ ծովափը, տեղի ունեցաւ Յուլիս 22-ին եւ արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։
Շաբաթ երեկոյեան, Գոքինիայէն եւ Ֆիքսէն մօտ հարիւր յիսուն հոգի հասան որոշեալ վայրը։ Իսկ Կիրակի առաւօտ, նոյն վայրը հասան նաեւ մօտ հինգ հարիւր հոգի՝ Աթէնքէն, Ֆիքսէն, Գոքինիայէն, Թամպուրիայէն, Ճիճիֆիէսէն, Սեփոլիայէն, Գարէայէն եւ այլ շրջաններէ։ Ճամբու ընթացքին, ինքնաշարժներուն մէջ նախ կարդացուեցաւ եւ ապա բոլոր մասնակցողներուն բաժնուեցաւ օրուան առթիւ յատկապէս տպագրուած պատկերազարդ պրակ մը, ուր գեղեցիկ կերպով տրուած էր Խանասորի Արշաւանքի պատմականը եւ նշանակութիւնը։ Երգուեցան «Կարկուտ տեղաց»ը, «մենք անկեղծ զինուոր ենք»ը, «ծագեց արեւ»ը ինչպէս նաեւ ազգային եւ տոհմիկ զանազան երգեր։ Նմանապէս եղան մեներգներ ու զաւեշտական անակընկալներ։ Շաբաթ օրուան յետմիջօրեայ լոգանքէն եւ ընթրիքէն ետք, մինչեւ ուշ գիշեր Սուլիի ծովափի ծառերուն տակ, կը հնչէին հայկական եղանակները, ¬ մեներգ, զուգերգ եւ խմբերգ։ Շրջակայ ծառերուն տակ խմբուած ներկաները հետաքրքրութեամբ եւ հիացումով հետեւեցան յայտագրին եւ իրենք զիրենք աւելի եւս մօտ զգացին օրուան զուտ հայաշունչ մթնոլորտին։ Ծառերու տակ խմբուած ներկաները, կարծես հայկական գաւառները կը պատկերացնէին, որոնք ի մի եկած, կը տօնէին սուրբ օրուան մը տարեդարձը, մոռցած՝ իրեց առօրեան։ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու կոկիկ յայտագիրներու գործադրութենէն ետք, պտոյտին մասնակցողները անգամ եւ եւս ոգեկոչեցին Խանասորի արշաւանքը եւ անոր աննման հերոսներու յիշատակը, յեղափոխական սրտառուչ երգերով, հայկական պարերով եւ արտասանութիւններով։ Ապա բոլորը, վերադարձան տուն, իրենց հետ տանելով յիշատակ մը, որ վեր է ամէն պատահական յիշատակէ։