Ամերիկեան «Պոսթըն Թրիվլըր» թերթին մէջ աշխատակից մը հրատարակած է հետեւեալ յօդուածը.-

Արուեստի մասնագէտներ տակաւին չեն կրնար բացատրել հայկական եկեղեցիի մը գոյութիւնը՝ Նոյեան Տապանի մէջ քանդակուած, եւ որ կը գտնուի Փարիզի մէկ մատուռին մէջ: Այս մատուռը կը կոչուի Լա Սենթ Շափել, եւ շինուած է 1244 թ.-ին, Ֆրանսայի Լուի 9-րդ թագաւորին կողմէ, Սուրբ Լուի, Փարիզի Իլ տը լա Սիթէ թաղին մէջ: Շինուած էր իբրեւ մասունքարան խաչին վրայ Յիսուսի կրած փշապսակին մասունքներուն համար եւ Լուի թագաւորին ծախուած էր 2,2 միլիոն տոլարի: Կոթական ոճով այդ մատրան մէջ հարթաքանդակներէն մին կը ներկայացնէ Նոյեան Տապանը, իսկ տապանին մէջ կը հանգչի եռայարկ եկեղեցի մը՝ հայկական ճարտարապետութեան նմուշ: Հերըլտ Է. Կրեկըրի, Ուստրէն, ուսուցիչ՝ հանրային դպրոցներու եւ Աննա Մարիա քոլեճի, Փեքսթըն, ուշագրաւ պրպտում կատարած է այս նիւթին շուրջ: Տապանին մէջ տեսնուած եկեղեցին կը նկատուի ըլլալ հայկական Զուարթնոց համբաւաւոր եկեղեցին՝ եօթներորդ դարէն, եռայարկ շէնք մը, հայկական եկեղեցիներու աւանդական սրածայր գմբէթով: Կրեկըրի կը յիշեցնէ, թէ Ծննդոց Գիրքին մէջ տապանը նկարագրուած է իբրեւ եռայարկ նաւ մը: «Սակայն ինչո՞ւ» կը հարցնէ Կրեկըրի ֆրանսացի քանդակագործ մը հայկական եկեղեցի մը պիտի դնէր Նոյեան Տապանի մէջ՝ անոր շինութեան ոճը ներկայացնելով: Ու կ՛ըսէ, թէ ամէնէն հաւանական պատասխանը այն է, որ Նոյեան Տապանը հանգչեցաւ, ջրհեղեղէն ետք, Արարատ լերան վրայ, որ հայկական է: Ապա կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ եկեղեցի մը պիտի դրուէր տապանին մէջ: Կրեկըրի նախ կ՛ենթադրէ, թէ անծանօթ քանդակագործը հայկական եռայարկ ճարտարապետութիւնը գործածած է՝ երեք խորհրդանշական իմաստներով: Առաջին՝ խորհրդանշելու համար տապանին երեք յարկերը: Երկրորդ՝ խորհրդանշելու համար անոր վերջնական հանգստավայրը՝ Հայաստանը: Երրորդ՝ ցոյց տալու համար տապանին կրօնական բնոյթը: