Մեծ զոհաբերութիւններ պահանջող ձեռնարկ մըն է աշակերտական ամառնային կազդուրման կայանը, որ ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս կը կազմակերպուի Տրոսիայի օդասուն եւ ծառախիտ վայրին մէջ։

Հ. Կ. Խաչը, Ուսումնական Խորհուրդի, Հաուարտ Գարակէօզեան հաստատութեան եւ հելլէն Կարմիր Խաչի օժանդակութեամբ, երկու ամիս առիթ կ'ընծայէ մեր վարժարաններու աշակերտութեան, որպէսզի բնութեան ծոցին մէջ ապրին եւ կազդուրուին անոնք։ Ֆիզիքական կազդոյրէն զատ, կայանը պատճառ մը կ'ըլլայ, որ վարժարան յաճախող մեր փոքրիկները փոխանակ փողոցները թափառելու, ապրին հայկական մթնոլորտի մէջ, հայերէն խօսին, հայերէն երգեն եւ վարժարանին մէջ իրենց սորվածը չմոռնան արձակուրտի ամիսներուն։ Տրոսիայի կազդուրման կայանը կը հետապնդէ միաժամանակ երկու նպատակ,- ֆիզիքական եւ հոգեկան կազդոյր։ Թէ՛ առաջինը եւ թէ՛ երկրորդը նոյնքան կարեւոր են մեր մանուկներուն համար։ Ասկէ զատ, կայանը կը դառնայ նաեւ տեսակ մը ուխտատեղի՝ ամառուան ամիսներուն, ծնողներու, բարեկամներու եւ բոլոր ազգայիններու յաճախակի այցելութիւններով։ Ամառուան մեռեալ եղանակը վերակենդանութիւն կը ստանայ եւ բնութեան ծոցին մէջ կը ստեղծուի փոքրիկ հայաշխարհ մը։ Տրոսիայի աշակերտական կազդուրման կայանը անհրաժեշտութիւն մըն է եւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է օգնել եւ նեցուկ հանդիսանալ անոր կազմակերպիչներուն։

Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչը եւ Երիտասարդացի «Շանթ» խումբը, միասնաբար կազմակերպած են ամառնային պարահանդէս մը։ Առաջին ձեռնարկն է ասիկա, որ տեղի կþունենայ նորակառոյց «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի շքեղ շէնքին մէջ։ Հայաշատ այս շրջանին բաբախուն սիրտը ըլլալու կոչուած է «Յակոբեան» վարժարանը, որ հետզհետէ պիտի դառնայ կեդրոնավայրը մեր երիտասարդութեան՝ մասնաւորապէս եւ շրջանի հայութեան՝ ընդհանրապէս։