Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Ազգային Միացեալ Վարժարանները, ամավերջի հանդէսներով փակեցին իրենց դռները՝ ամառուան արձակուրդին համար։ Հ
ունձքը, որ տուին այս տարի մեր զոյգ վարժարանները, աւելի՛ քան գոհացուցիչ է, երբ նկատի ունենանք այն դժնդակ պայմանները, որոնց առջեւ կը գտնուին ամէն քայլափոխի, թէ՛ մեր ուսուցիչները, թէ՛ Ուսումնական Խորհուրդը եւ թէ՛ վարժարաններու պիւտճէն հաւասարակշռող կազմակերպութիւնները։ Նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համար ոչ մէկ զոհաբերութիւն կը զլացուի։ Այդ զոհաբերութիւնները կþըլլան, այն համոզումով, որ հայրենիքէն դուրս ինկած աստանդական հայութեան գոյատեւման գլխաւոր ազդակը կը կազմեն հայ վարժարանները եւ մասնաւորաբար ազգային վարժարանները։ Ուրախալի պարագայ է մեզի համար հաստատել թէ՝ եղած զոհաբերութիւնները ի դերեւ չեն ելլեր։ Գոհունակութեամբ կþարձանագրենք, որ մեր Ազգային Միացեալ Վարժարաններու այս տարուան ընթացաւարտներէն շատերը, որոնք հելլէն երկորորդական վարժարաններ դիմած են՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար, քաջալաւ նիշերով դուրս եկած են քննութիւններէն եւ ընդունուած են յառաջիկայ տարեշրջանին համար։ Այս միակ փաստը կուգայ ջրելու կարգ մը յոռետեսներու այն կարծիքը, թէ մեր վարժարաննեը շատ քիչ բան կը սորվեցնեն մեր տղոց։ Օտար երկրորդական վարժարան մտնելու համար պահանջուած քննութիւնները բաւական խիստ են եւ մեր ընթացաւարտներուն յաջողութիւնները այդ քննութիւններուն մէջ, կ'ապացուցանեն որ չեն վատնուած Ազգային Միացեալ վարժարաններուն համար եղած զոհաբերութիւնները։ Այս կէտի մասնաւոր ուշադրութիւնը կը յանձնենք հայ ծնողներուն, որոնց վրայ սրբազան պարտականութիւն կը ծանրանայ իրենց մանուկներուն դաստիարակութեան համար նախապատուութիւն տալ մեր Ազգային Միացեալ վարժարաններուն։ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեան Գոքինիոյ վարժարանի հանդէսի ընթացքին, դիտել տուաւ թէ, հայ ծնողները աւագ պարտականութիւն ունին ո՛չ միայն իրենց զաւակները առաջնորդելու Միացեալ վարժարաններ, այլեւ զոհաբերութեան առաւելագոյնը ընելու, որպէսզի կանգուն մնան հայութեան գոյութեան յենարանները՝ մեր վարժարանները։