Աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչը՝ Յովհաննէս Այվոզովսկի մէկ շաբթուան համար Փարիզէն Պոլիս անցած էր իր կնոջ հետ, 1890 Մայիսին:

Այդ առթիւ Պոլսոյ հայութիւնը խանդավառ ընդունելութիւն ըրած էր իր հանճարեղ ազգակիցին, զոր Համիտ անգամ պատուած էր բարձր շքանշանով: Հետաքրքրական է Արամ Նիկողոսեանի («Օրացոյց», Ս. Փ. Հիւ., 1917) գրածը, թէ Յովհաննէս Այվազովսկի Տիրան Չրաքեանին ըսած ըլլայ, թէ՝ «Օր մը կրնաս զիս գերազանցել»: Տիրան Չրաքեան (յետոյ ծանօթ՝ «Ինտրա» գրչանունով) 1890-ին տակաւին ուսանող էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, բայց շատ բարձր ձիրքերով եւ յատկապէս նաեւ նկարչական տաղանդով օժտուած էր. լսելով, որ Այվազովսկի Պոլիս է եկած, իր մէկ ծովանկարը կը տանի եւ Այվազովսկիին կը նուիրէ: Ժամանակակից հայ օրաթերթը այս դէպքը յիշատակած է, բայց Ա. Նիկողոսեանին ձեւով չէ: Գուցէ թէ հայ թերթը կարեւորութիւն չէ տուած Այվազովսկիին արտայայտութիւնը ճշգրտօրէն տալու: Կ՛արժէ  կարդալ «Արեւելք»-ին հաղորդածը. սա կը տեղեկագրէ. «Յովհաննէս Այվազովսկի իւր ազնիւ կնոջ հետ երէկ առաւօտ ժամը 2:30-ին (ըստ թրք.) մայր եկեղեցի գնաց, ուր ներկայ գտնուեցան պատարագին: Առաջուց իմացուած ըլլալով մեծանուն ծովանկարչին գալուստը՝ հազարաւոր ժողովրդեան բազմութիւն լեցուած էր տաճարին մէջ… Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, մեծահռչակ արուեստագէտն իր կնոջ հետ պատրիարքարան ելաւ… Պատրիարքական փոխանորդ  Ներսէս Ծ. վարդապետ եւ մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհրդոյ անդամք դիմաւորելով մեծանուն ծովանկարիչը կնոջ հետ՝ պատրիարքարանի մեծ  դահլիճն առաջնորդեցին, ուր քիչ ետքը գալով պատրիարք հայրը՝ պատուասիրեց զանոնք: Տեսակցութեան միջոցին Պէրպէրեան վարժարանի սաներէն Տիրան Չրաքեան ներկայանալով՝ իւր պատրաստած փոքրիկ մէկ ծովանկարը մատոյց մեծանուն վարպետին, որ յօժարեցաւ ընդունիլ զայն շնորհակալութեամբ եւ ինչ ինչ դիտողութիւններ ընելով՝ քաջալերական խօսքերով յորդորեց դեռահաս պատանին ի յարատեւ աշխատութիւն: