Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը կուսակցական եռուն շրջան մը բոլորեց:

Խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը եւ ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի շրջանը գումարեցին իրենց պատգամաւորական ժողովները, որոնք յաջողութեամբ պսակուեցան՝ մասնաւորաբար մեր կազմակերպութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին մասին տրուած կարեւոր որոշումներով: Կուսակցականօրէն, Ամերիկայի մեր կազմակերպութիւնը անցնող տարեշրջանին ապրեցաւ անմոռանալի օրեր խանդավառութեան, որուն հարազատ պատկերը հանդիսացան պատգամաւորական ժողովները: Արդարեւ, շրջանի պատասխանատու մարմինի որոշումով 1962-ը յայտարարուած էր կուսակցական հանգանակութեան տարի: Ամերիկայի մեր ընկերները, այս անգամ եւս, յաւելեալ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այս հանգանակութեան՝ կուսակցական եւ հայ կեանքին մէջ անոր կատարելիք դերին լրիւ գիտակցութեամբ: Մ. Նահանգներու բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքներուն մէջ, հոն, ուր գոյութիւն ունին ու կը գործեն առանձին կոմիտէներ, հանգանակային հաւաքոյթները, որոնց կը մասնակցէին նաեւ համակիրներ, տեղի ունեցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ, առաւելագոյն արդիւնքներու իրագործումով: Այս հանգանակութեանց առթիւ երեւան եկան յուզիչ երեւոյթներ՝ Ուստրի մէջ համակիր մը՝ Գաբրիէլ Յակոբեան, համեստ այլ հաւատաւոր բարեկամ մը, ներկայանալով պատուոյ սեղանին, յայտարարած է. «Մատներս կորսնցուցի արկածով, ու չեմ կրնար չէք մը իսկ ստորագրել՝ համեստ խնայողութենէս գումար մը յանձնելու համար: Պիտի տամ՝ ինչ որ ունիմ դրամապանակիս մէջ»: Ապա դրամապանակը յանձնած է աւելցնելով «200 տոլար կու տամ դաշնակցութեան, հոգիս ուզէ ըն էլ կու տամ»: Ու այսպէս, ամէն տեղ, նոյն ոգեւորութեամբ եւ գիտակցութեամբ, Ամերիկայի մեր ընկերներն ու համակիրները հանգանակեցին՝ աւելի քան 180,000 տոլար: