Այ-Եաննի-Գարէայի նորահաստատ գաղութը այժմ իր մէջ կը համրէ շուրջ վաթսուն հայ ընտանիքներ, որ մօտ ատենէն, նոր շէնքի մը աւարտումով՝ պիտի դառնայ 90 ընտանիքնոց հայկական օճախ մը:
Եւ եթէ նկատի առնենք անոր ունեցած դրացնութիւնը Կեսարիանիի արւարձանին հետ, ուր արդէն երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած են բաւականաչափ հայ ընտանիքներ, իր կարեւորութիւնը աւելի կը շեշ-տուի եւ Ազգային վերին իշխանութեանց կողմէ՝ իրենց ընծայուած հոգածութիւնն ու շահագրգըռութիւնը լիապէս կÿարդարանան: Այս նոր գաղութը իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ, ի յայտ բերաւ հայկական կազմակերպչական աւանդական ոգի եւ իր Թաղային մարմնի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի կողքին՝ ունեցաւ նաեւ իր Հ. Կ. Խաչի Գարէա-Կեսարիանիի մասնաճիւղը, որ ազգանուէր հայուհիներէ բաղկացած վարչութեան ղեկավարութեամբ դարձած է զոյգ թաղերու սիրելի, կնոջական հայ կազմակերպութիւնը: Անցեալ շաբաթ, տեղի ունեցաւ անդամական ընդհանուր ժողովը՝ Մաքրուհի Չաքրեանի բնակարանին մէջ: Ներկայ էին՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամները: Տիկին Փայլիկ Կիւզէլեան ժողովը բանալով, նախ՝ ամփոփ զեկոյց մը տուաւ Հ. Կ. Խաչի վերջին Պատգ. ժողովի կատարած աշխատանքներու մասին, յետոյ անդրադարձաւ Գարէա-Կեսարիանիի մասնաճիւղի անցեալ տարեշրջանի ազգային եւ խնամատարական գործունէութեան, որ արժանացած է Պատգամաւորական ժողովի գնահատանքին: Խօսքը մասնաւորելով Տուրղութիի մէջ կառուցուող Հ. Կ. Խաչի վարժարանական շէնքին թելադրեց ներկաներուն նիւթապէս զօրավիգ կանգնիլ այս կարեւոր ձեռնարկին: Այս առթիւ յայտարարեց, թէ տեղւոյն մասնաճիւղը իր վտիտ գանձէն 2000 տրախմի կը տրամադրէ վարժարանի շինութեան ֆոնտին: Ի վերջոյ խօսք առաւ օրուան նախագահ Տուրղութիի Միացեալ Ազգային Վարժարանի տնօրէն՝ ընկ. Օննիկ Զաքարեան, ծանրանալով կրթական հաստատութեանց Սփիւռքի մէջ կատարած կենսական գործին ու առաքելութեան վրայ: