Կեսարիայէն 20 Յունիս թուականով կը գրեն.- Երկար տարիներու աւանդական սովորութեան համաձայն, այս տարի ալ Ս. Եղիայի տօնին առթիւ քաղաքիս վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան ամսոյս 17-ին կեսարացի 50 ուխտագնացներով մեկնեցաւ Պիւնեանէ. 3 ժամ դէպի արեւելք գտնուող բարձրաւանդակին վրայ աւելի քան 300 տարի առաջ հիմնուած Կիկի գիւղի Զօրութիւն լերան բարձունքը. այս լերան լանջերէն բխող Քուրպան Փունարը անուն վայրը: Այստեղ զուտ հայ 30 ընտանիքներէ բաղկացող
գիւղացիներու կողմէ իբրեւ մատաղցու բերուած 14 ոչխարի աղօրհնութիւնը եւ զենումը կատարուեցաւ տէր հօր միջոցով, Կիրակի առաւօտեան ժամերգութեանց ատեն: Մինչեւ մատաղին եփիլը շրջակայ Քոյուն Ափթալ գիւղէն հարիւրաւոր թուրք դրացի հայրենակիցներ ալ իրենց հոճային հետ հոն ժամանելով՝ մեզի հետ միասին անձրեւի աղօթքներ կատարեցին եւ երկուստեք սիրազեղ արտայայտութիւններ եղան եւ ամէնքս միասին կուշտուկուր ճաշակեցինք մատաղի միսը եւ ձաւարով պատրաստուած եղինձը: Կիրակի եւ Երկուշաբթի օր տէր հայրը 7 մկրտութիւն եւ մէկ պսակադրութիւնը կատարեց: Կիկի գիւղը առաջին եկողը եւ հոն հաստատուողը եղած է Սըլկընի կողմի Սըրատոսն հայ գիւղէն գաղթած հայ մը, որուն յաջորդած են ուրիշ զանազան գիւղերէ գաղթած հայեր, որոնք ընդհանուր պատերազմէն առաջ կազմած են 60 ընտանիքէ բաղկացեալ գիւղ մը: Ասոնց վերջին հոգեւոր հովիւը եղած է տէր Մարգարեան անուն քահանայ մը, որուն գերեզմանը կանգուն կը մնայ դեռ գիւղին գերեզմանատան մէջ, ուր տէր Հայկազուն քահանայ Երկուշաբթի օր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց: Կը կարծուի, որ դարեր առաջ ներկայ Կիկի գիւղին տեղը հաստատուած է եղեր յոյն գիւղ մը, քանի մը հոգեւոր ընտանիքներով: Գիւղին դիրքը շատ բարձր լեռնադաշտ մըն է, ուր կը հոսին պաղորակ աղբիւրներ: Օդն ու ջուրը խիստ առողջարար են կապոյտ ջինջ ու շքեղ երկինքով մը: