Կեսարիայէն կը գրեն 27 Յունիս թուականով.-
 Տօն կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի եւ քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ  անուան տօնախմբութեան 103-րդ տարեդարձին առթիւ փառաւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան 24 Յունիս 1962, ի ներկայութեան Կեսարիոյ գրեթէ ամբողջ հաւատացեալ ժողովրդեան:

Պատարագեց եւ քարոզեց հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան: «Հայր Մեր»էն առաջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թուրքիոյ հանգուցեալ պատրիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեանի վախճանման առաջին տարելիցին առթիւ եւ մատաղցու ոչխար նուիրողներուն ննջեցելոց համար, ինչպէս նաեւ՝ մատաղի օրհնութիւն: Այդ միջոցին ոգեկոչուեցաւ նաեւ անունները Կեսարիոյ մէջ պաշտօնավարող բոլոր վախճանեալ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն, անոնց վերջինը եղող Սերովբէ Ա. քհնյ. Պուրմայեանի համար մասնաւոր գովեստով խօսեցաւ՝ իբրեւ մօտէն ծանօթ անոր օգտակար գործունէութեան: Երեք կաթսայ միսով եղինձ բաժնուեցաւ ժողովուրդին եւ մէկ կաթսայ ալ Կեսարիոյ աղքատ բանտարկեալներուն ղրկուեցաւ:



Ազգային Կիլիկեան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի հանդէսները, հովանաւորութեամբ լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի տեղի ունեցան Յունիս 27-28-ին: Մանկապարտէզի եւ նախա- կրթարանի աշակերտութեան կողմէ յաջողութեամբ կատարուեցան խմբերգներ, պարեր, մեներգ եւ արտասանութիւններ: Նախակրթարանի բաժնի մէջ ուշագրաւ էր «Հայ լեզու» խմբական արտասանութիւնը: Նախակրթարանի յայտագրի կէսին տնօրէնուհի Պ. Մանուկեան կարդաց դպրոցի 1961-1962 տարեշրջանի տեղեկագիրը: Յայտնեց, թէ 1960-1962 շրջանին վարժարանի աշակերտութեան թիւը 100 հոգի յաւելում կրած է եւ ներկայիս 320 աշակերտ ունի:  Յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Մեսրոպ վրդ. Աշճեան, որուն ձեռքով 21 շրջանաւարտներ ստացան իրենց վկայականները: