Անցնող շաբաթ երեք կարեւոր ժողովներ գումարուեցան Ամերիկայի մէջ: Առաջինը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան 42-րդ պատգամաւորական ժողովը, երկրորդը Հայ  երիտասարդաց դաշնակցութեան Պատգամաւորականը եւ երրորդը՝ ՀՅ Դաշնակցութեան 69-րդ Պատգամաւորական ժողովը։

Երեք պատգամաւորական ժողովներն ալ տեղի ունեցած են խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ բացառիկ յաջողութեամբ աւարտած են իրենց աշխատանքները: Հայ Օգնութեան Միութեան պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած է ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան եւ բացումը կատարած՝ Տէրունական աղօթքով: Ժողովը իր աշխատանքները տարած է համերաշխ ու միակամ եւ օրակարգի բոլոր հարցերը լուծած է գրեթէ միաձայնութեամբ: Կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը կատարուած է։ Նոյնքան խանդավառ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ 69-րդ պատգամաւորական ժողովին բացման հանդէսը, որուն բացումը եւս կատարուած է Հրանդ եպիսկոպոսի Տէրունական աղօթքով: Խօսք առած են բազմավաստակ հրապարակագիր եւ «Հայրենիք»ներու խմբագիր Ռուբէն Դարբինեան, Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, Յակոբ Մուրատեան եւ Կոպեռնիկ Թանտրճեան: Տպաւորիչ ճառ մը խօսած է Մասաչուսեց նահանգի ընդհ. դատախազ Էտ. Մըքքորմիկ, որ մասնաւորաբար ըսած է. «Կը գնահատեմ, երբ ծնողներ կը պահեն իրենց մայրենի լեզուն, եւ ընդհակառակն, կը նեղսրտիմ, երբ անոնք կը պահանջեն իրենց զաւակներէն միայն անգլերէն խօսիլ: Բոլորովին ամերիկացի մի՛ ըլլաք, յիշեցէք, որ հայ էք ծագումով, եւ լաւ հայ ըլլալով՝ պիտի ըլլաք նաեւ լաւագոյն ամերիկացի»:

Պոսթընի քաղաքապետութեան հրահանգով 23-27 Յունիսի շաբաթը հռչակուած է Հայ Օգնութեան Խաչի օր: Այս առթիւ քաղաքապետութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած եւ օրինակ մըն ալ ղրկած է Հայ Օգնութեան Միութեան Ամերիկայի կեդրոնական վարչութեան: