Յունիս 1-ին տաւարին միսը միջին հաշուով 31 առ հարիւր, ոչխարին միսը՝ 34 առ հարիւր, խոզինը՝ 10 առ հարիւր եւ երշիկեղէնները՝ 31 առ հարիւր, ինչպէս նաեւ իւղը միջին հաշուով 25 առ հարիւր սղեցան Խորհրդային Միութեան մէջ:
Խորհրդային Միութեան նախարարներու խորհուրդին հրամանագիրը կը ճշդէ ամէն մէկ հանրապետութեան համար կառավարութեան սահմանած «գնման» գիները: Այսպէս, Հայաստանի համար ճշդուած գիներն են. եղջիւրաւոր ողջ անասուններուն համար՝ 97 ռուբլի ամէն մէկ ցենտներին (հարիւր քիլօ): Մսոտ եւ ճարպոտ խոզերուն համար՝ 215-135 ռուբլի: Ողջ հաւին եւ ճուտին քիլոն՝ մէկ ռուբլի քառասուն կոպեկ, սագինը՝ մէկ ռուբլի, բադինը՝ մէկ ռուբլի տասը կոպեկ եւ հնդկահաւինը՝ մէկ ռուբլի 60 կոպեկ: (Մէկ ռուբլին՝ 5 նոր ֆրանք): Երկրորդ հրամանագրով մը կը հաղորդուի, թէ Յունիս մէկէն սկսեալ հինգ առ հարիւր պիտի իջնէ շաքարին եւ քսան առ հարիւր արուեստական թելէ հիւսուածքներուն գիները: Մսեղէնին, իւղին, սերուցքին գիներուն այս յաւելումը, սակայն, «գոհունակութեան» տրամադրութիւններ ստեղծած կը թուի ըլլալ, քանի որ Երեւանի թերթերը լեցուն են կուսակցութեան այս որոշումը «անհրաժեշտ միջոցառում» նկատողներով:
Լիոնի 1962-ի Միջազգային ցուցահանդէսին առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր նաեւ «Լիոնի գիւտարարներու եւ Ճարտարապետական արուեստագէտներու ընկերակցութիւնը»: Մաքեթներու եւ նմուշներու կարգին, իրենց գիւտերը ցուցադրած են երկու հայեր,- «Էժէ հաստատութիւնը», որուն պատասխանատու-տնօրէնն է Ղազար Ղազարեան: Անոնց գիւտն է տիսք տը փոլիսաժ մը, որ կը յղկէ զանազան գործիքներ՝ առանց ջերմութիւն յառաջացնելու եւ առանց մաշեցնելու կերպասը: Առաւելութիւնը. կարելի է փոխել սկաւառակը՝ գործածուելէ ետք: Երկրորդ գիւտարարն է ինքնաշարժի վարիչ Արմենակ Մարտիրոսեան: Կը ներկայանայ երկու գիւտով, «Ֆրեն օթոմաթիք փուր օթոմոպիլ, օթոֆրենաժ» եւ «Փրոփիւլսեսը ա հելիս փիվոթանթ փուր պաթօ»: