Երեւանի մէջ գումարուած է Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան հերթական նիստը, որու ընթացքին վարչութեան քարտուղարը՝ Հրաչեայ Յովհաննիսեան, երկար զեկոյցով մը ներկայացուցած է հայրենի գրականութեան ներկայ պատկերը։
Անհատի պաշտամունքին, այլ խօսքով Սթալինի մօտ քսան տարուան տիրակալութեան շրջանին կաշկանդուած մնացած է գրականութեան զարգացումը եւ մեծ, այլ անփոխարինելի բաց մը գոյացած է «հազարաւոր յայտնի, մտքով ու սրտով ազնիւ՝ տաղանդաւոր դէմքերու անյայտացումով»։ Յետոյ Յովհաննիսեան խօսած է Հայաստանի գրականութեան ներկայ վիճակին մասին։ Զեկուցաբերը ընդհանրապէս գոհ է վէպերու, բանաստեղծութիւններու ու մանաւանդ պատմուածքներու որակէն եւ թիւէն։ Գրագէտները կը շարունակեն նախընտրութիւն տալ հին պատմական դէպքերուն եւ առհասարակ չեն հետաքրքրուիր կամ հարեւանցի կերպով միայն՝ արդի խորհրդային կեանքին։ Հրապարակ եկած են սկսնակ, այլ շնորհալի գրողներ, յատկանշական գործերով։ Ասոնցմէ շատեր սակայն, «երբեմն մեքենական ձեւով կþընդօրինակեն արտասահմանի յայտնի գրագէտներուն գրելաձեւը, ինչ որ փապուղիի մը առջեւ պիտի դնէ իրենց ստեղծագործութեան թափը»։ Գրականութեան ամէնէն տկար ու ետ մնացած սեռերէն մէկն է թատերագրութիւնը։ Ժողովուրդը պահանջ ունի նոր եւ թարմ շունչով գրուած թատերախաղերու։ Տկար է նաեւ գրադատութիւնը, որուն պատճառներէն մէկը՝ ըստ զեկուցաբերին, գրադատներուն ցոյց տուած «երկչոտութիւնն» է։ «Շատ քիչ կը հետաքրքրուին իրենց յօդուածներուն գրական, գեղարուեստական որակով, կը խուսափին ընդհանրացումներ ընելէ, գրողին վարպետութիւնը, գեղարուեստական գիծը վերլուծելէ»։ Մտքերու փոխանակութեան ընթացքին խօսք առած են զանազաններ։ Յատկանշական է Վաղարշակ Նորենցի յանդուգն արտայայտութիւնը պատմական նիւթերով երկերու մասին, որ «համարեա թէ կը դիտուի իբրեւ բացասական երեւոյթ»։