50 տարի առաջ, ամսոյս 4-ին Պոլիս հասած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., ընկերակցութեամբ Կոմիտաս եպս. Տէր Ստեփանեանի եւ գաւազանակիր Պարգեւ վրդ. Գէորգեանի: Եշիլքէօյի օդակայանին մէջ վեհափառը դիմաւորուած է հոգեւոր ու աշխարհական բազմութեան կողմէ: Լրագրողներու զանազան հարցումներուն պատասխանելով՝ Վազգէն կաթողիկոս կը յայտնէ.


- Մօտ երկու շաբաթ պիտի մնամ Պոլիս եւ ասկէ ուղղակի պիտի վերադառնամ Էջմիածին: Կը յուսամ, որ առիթը պիտի ունենամ տեսակցելու Աթինակորաս պատրիարքին հետ եւ քննելու եկեղեցիներու միացման հարցը:
Աւելի յետոյ պատասխանելով այլ հարցումներու՝ հայերու ընդհանուր թիւին շուրջ, վեհափառը կ՛ըսէ. «Թէեւ պաշտօնական վիճակագրութիւն մը գոյութիւն չունի, բայց կ՛ենթադրուի, որ աշխարհի վրայ հայոց թիւը 3,5 միլիոնը կ՛անցնի»:
Թափօրը ուղղուեցաւ Գում Գափուի մայր եկեղեցին եւ Վազգէն Ա. հրաշափառով մտաւ  ներս եւ յետոյ առաջնորդուեցաւ Ս. Յարութիւն տաճարը, ուր կը գտնուի Գարեգին պատրիարքին դագաղը: Աղօթեց հոգելոյս պատրիարքի հոգւոյն հանգստեան եւ խաղաղութեան համար:

- Ս. պատրիարք հօր վախճանման առթիւ, ինչ պէս Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, նոյնպէս գաւառի մէջ ալ տեղի ունեցան հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօններ՝ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Անցեալ կիրակի, Տիգրանակերտի հայութիւնը հաւաքուեր էր տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Ս. պատարագը կը մատուցէր տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Թորոս քհնյ. Չալկրճեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի տիգրանակերտցի աշակերտներուն եւ պոլսեցի կարգ մը դպիրներու մասնակցութեամբ: Ս. պատարագէն ետք մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս Ս. պատրիարք հօր համար: