Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէի ընկերները՝ ընկերակցութեամբ արժ. Տ. Գուրգէն քհնյ. Եարալեանի, յարգանքի այցելութիւն մը տուած են Միացեալ Նահանգներու հանգուցեալ նախագահ Ուտրօ Ուիլսընի դամբարանին,

որուն վրայ հոյակապ ծաղկեպսակ մը զետեղած են, «իբր յարգանք՝ հայ ժողովուրդի կողմէ»։ Արժ. Տ. Եարալեան քահանայ հոգեհանգըստեան մասնաւոր պաշտօն կատարած է հայասէր մեծ նախագահի յիշատակին։ Ուիլսընի մարմինը կը հանգչի Ուաշինկթընի Քաթետրալ եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցիին երէցը, հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, այցելուներուն ցոյց տուած է եկեղեցւոյ թանգարանին մասը, ուր 1917 եւ 1918 տարիներուն գտնուած եւ ցարդ խնամքով պահուած հայկական նշխարներ կան 1915¬ի Եղեռնէն (աճիւն, խաչ, եկեղեցւոյ անօթներ, եւայլն)։

Արեւելեան Պերլինի մէջ լոյս տեսած է երկու հարիւր էջերէ բաղկացած հայ գրողներու գործերու հաւաքածոյ մը՝ «Արմենիշէ Նովէլն» խորագրով։ Գիրքը գերմաներէնի թարգմանուած է ռուսերէնէ։ Հաւաքածոն կազմած է՝ Ի. Ս. Խաչատրեան։ Գերմաներէնի թարգմանած է՝ Ենա Ֆոն Բերի իսկ Ուալթէր Բերգշտրեստրը կատարած է յղկումը։ Հաւաքածոյին մէջ տեղ գտած հայկական 21 նորավէպերը առնուած են 13 հայ գրողներու գործերէն։ Ի. Խաչատրեանց գրած է վերջաբան մը՝ ընդհանուր տեղեկութիւններ տալով հայկական կեանքի վերազարթնումին, Հայաստանի եւ հայ գրականութեան մասին։ Ասկէ զատ, ծանօթացուցած է հայ հեղինակները հակիրճ կենսագրականներով եւ յիշատակութեան արժանի գործերով։

Աղեքսանդրիոյ հայութիւնը մեծ թիւով ներկայ եղաւ Հայաստանի անկախութեան 44-րդ տարեդարձին առթիւ Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ հետեւեցաւ ազատութեան հերոսներու յիշատակին  նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութեան։