ՀՅԴ Ամերիկայի շրջանին 68-րդ Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւոր ընկերները հաւաքաբար այցելեցին ազգային հերոս ընկ. Դրոյի գերեզմանը, Քէյմպրիճի Մաունթ Օպըրն գերեզմանատան մէջ:
Յանուն 68-րդ Պատգամաւորական ժողովին՝ շքեղ ծաղկեփունջ մը դրուեցաւ մեր անմոռանալի մեծ ընկերոջ շիրիմին վրայ: Արարողութեան ներկայ էին այրի տիկին Գ. Կանայեան եւ իր զաւակը: Գրիգոր քհնյ. Հայրապետեան, Մեծն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին հոգեւոր հովիւը, կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն գերեզմանին վրայ, որուն շուրջ հաւաքուած էին պատգամաւոր ընկերները, ներկայացուցիչներ՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները: Եկեղեցական արարողութենէն ետք Պատգամաւորական ժողովի ատենապետներէն ընկ. Յակոբ Մուրատեան խօսելու հրաւիրեց ընկեր Կոպեռնիկ Թանտրճեանը, որ յանուն Պատգամաւորական ժողովին՝ յարգանքով ոգեկոչեց Դրոյի յիշատակը: «Բեղուն կեանք մը ունեցաւ Դրոն,- ըսաւ ընկ. Թանտրճեան,- ու եղաւ խորհըրդանշական դէմք մը ՀՅ Դաշնակցութեան: Հայ մարտական աշխարհին, հայութեան ազատասիրական տենչերուն: Միացեալ, անկախ ու ազատ Հայաստանի երազը կը ներկայացնէր ան: Յետոյ խօսեցաւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին կողմէ ընկ. Կարօ Սասունի, որ առաջին անգամ ըլլալով առիթ կ՛ունենար արտայայտուելու մեր մեծ ընկերոջ շիրիմին առջեւ: Ընկ. Սասունի իր յարգանքի խօսքը վերջացուց ըսելով. «Սիրելի՛ Դրօ, հիմա դուն քովն ես Գէորգ Չաւուշին, վստահ եմ, ու միշտ անվախ՝ ռումբ կայ ձեռքիդ: Ըսէ՛ մեր անմահ հոգիներուն, որ Հ Յ Դաշնակցութեան կարաւանը կը քալէ աշխարհէ աշխարհ, անյողդողդ, հաւատաւոր, յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ բարօրութեան: Հանգիստ եղէք, եւ օրհնեցէ՛ք մեզ, օտար աշխարհներու մէջ: Ընկերները երգեցին «Վէրքերով լի ջան ֆիտա եմ» երգը, ապա ցաւակցութիւն յայտնեցին տիկին Գայիանէ Կանայեանին եւ անոր զաւկին: