Շար.)
Այս տարի եւս, Գարակէօզեան Հաստատութեան կողմէ ստացած է Մանկապարտէզի խաղալիքներ եւ շաքարեղէններ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի Միացեալ վարժարաններուն։

Նոյն Հաստատութիւնը ձմեռը տուած է վառելանիւթ, կաթ եւ դպրոցի յատուկ կարգ մը իրեղէններ եւ ինչպէս տարիներէ ի վեր, անցնող տարեշրջանին եւս ստանձնած մեր վարժարաններու աշակերտութեան ակռայի, աչքի եւ մարմնի ընդհ. քննութիւնները, զանազան ներսրկումներ ծաղկախտի եւ ուրիշ հիւանդութեանց դէմ հակազդելու համար։ Այս առիթով, Պատգմ. ժողովը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Գարակէօզեան հաստատութեան ընձեռած լայն օժանդակութեան համար։ Խնամատարական գետնի վրայ Շրջ. վարչութիւնը, շրջաններու վարչութեան նման անցած տարեշրջանին եւս ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, իր կարգին, լայն օժանդակութիւն տալով մեր կարօտ եւ հիւանդ ազգակիցներուն։ Կ. Խաչեան ընկերուհիները այցելած են հիւանդանոցները գտնուող մեր հայրենակիցներուն։ Աշակերտական Կազդուրման կայանը, 1961-ի շրջանին եւս որպէս անհրաժեշտութիւն իրագործուած է յաջողութեամբ։ Մօտաւորապէս 160 աշակերտներ փոխն ի փոխ երեքական շաբաթ կազդուրուած են՝ վայելելով Տրոսիայի առողջարար եւ մաքուր օդը։ Սրահը ծափերու մէջ թնդաց, երբ յայտարարուեցաւ թէ Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի շէնքի աւարտման առիթով տեղի պիտի ունենայ շքեղ հանդիսութիւն մը։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր հաւաքավայրի մը կարիքը խիստ զգալի դարձած էր Ֆիքսի շրջանի հայութեան համար, որ զուրկ սեփական վարժարանէ եւ ակումբէ, հանդէսներու համար կ'օգտագործէր բարեացակամօրէն տրամադրուած Կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահը։ Նոյնն է պարագան մեր մարզասէր երիտասարդութեան եւ սկաուտներուն, որոնք խաղերու եւ հանդիպումներու համար չունէին յարմար վայր մը։ Ժողովը աւարտեցաւ նոր Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնով։ Նախորդ տարեշրջանի ընկերուհիներու աշխատանքը գնահատելով, նոյն ընկերուհիները վերընտրուեցան։