Մայիս վերջաւորութեան Լոս Անճելըսէն, Սան Ֆրանչիսկոյէն եւ շրջականերէն ուխտաւորներու ինքնաշարժները սկսած էին հասնիլ Ֆրեզնօ։
Այդ օրը ամբողջ, արտակարգ եռուզեռ կար Ասպարէզի խմբագրատան եւ ակումբին մէջ։ Ընկերներ, բարեկամներ, համակիրներ ուխտի եկած էին հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին, անոր մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Տեղւոյն Հոգաբարձութիւնը հանդիսաւոր պատարագ որոշած էր այդ օրուան համար։ Պատարագիչն էր Ֆրեզնոյի հովիւ հոգ. Վահրամ վրդ. Եղիայեան։ Եկեղեցին լեցուն էր ուխտաւոր¬հաւատացեալներով. շատերը կը մնային բակին մէջ եկեղեցիէն ներս տեղի չգոյութեան պատճառով։ Հանդիսաւոր պատարագին մաս կազմող Տէրունական աղօթքէն առաջ, պատարագիչ Հայր Սուրբը խօսեցաւ բովանդակալից քարոզ մը։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտումէն յետոյ, բազմահարիւր ինքնաշարժեր ուղղուեցան դէպի Արարատ գերեզմանատունը։ Ուխտաւորներու բազմահարիւր բազմութիւն մը եկած էր յարգանքի իր տուրքը տալու հերոսի յիշատակին։ Յաջորդաբար, ներկայ ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ սրահը, ուր յիշատակի ճաշ պատրաստուած էր ուխտագնացներուն։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքին փափաքով որոշուած է պատրաստել ժապաւէն մը, որ պիտի ներկայացնէ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիները, դպրոցները եւ մանաւանդ բարեսիրական չորս գլխաւոր հաստատութիւններն ու անոնց գործունէութիւնը։ Այդ առթիւ կազմուած է յատուկ յանձնախումբ մը, որ ստանձնած է որոշուած ժապաւէնին պատրաստութեան աշխատանքները։ Պաշտօն տրուած է երկու հայ ռեժիսորներու՝ տքթ. Ալեանաքի եւ Նշան Խաչերի՝ այցելել բոլոր հայկական հաստատութիւնները եւ պատրաստել ծրագիր-յատակագիծը։