Մայիս 27-ին տեղւոյս Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբին մէջ գումարուեցաւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. Խաչի 10-րդ պատգամաւորական ժողովը։
Միաձայնութեամբ մայր դիւանի նախագահ ընտրուեցաւ՝ տոքթ. Ա. Աբրահամեան եւ քարտուղար՝ պրն. Թագւոր Աւետիսեան։ Ներկայ էին քաղաքիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիզեան, Թաղ. Խորհուրդը, Թեմականի անդամները, շրջաններու լիազօր պատգամաւորները, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ ազգ. գործերով հետաքրքրուող ազգայիններ, մօտ 15 անձեր։ Պատգամաւորները կարդացին իրենց շրջաններու նիւթական եւ բարոյական գործունէութեան համարատուութիւնը, իսկ ամէնէն վերջ, Շրջ. վարչութիւնը կարդաց իրը։ Մեր Խաչուհիները իսկապէս հրաշքներ կը գործեն խնամատարական, մշակութային եւ ազգապահպանման մարզերուն մէջ։ Վստահ որ գաղութներու մէջ ազգապահպանման ամենագլխաւոր ազդակները եկեղեցին եւ դպրոցն են, անձնուիրաբար կþաշխատին անոնց զարգացման եւ տեւականացման համար։ Անոնք հայկական վարժարաններէ զրկուած վայրերու մէջ, հայ գիրը, գրականութիւնը եւ պատմութիւնը կը սորվեցնեն, ինչպէս Գոմոթինիի մէջ տիկին Պայծառ Սոմունճեան, Աղեքսանդրուպոլսոյ մէջ տիկին Սիրան Մարուքեան, իսկ Թեսաղոնիկէի մէջ տիկին Մերի Մանուկեան եւ տիկին Արմենուհի Աբէլեան։ Ասոնց կարգին պէտք է յիշել նաեւ Թեսաղոնիկէի Հ. Գթ. Խաչի դարմանատունը, ուր ամէն Չորեքշաբթի կէսօրէ վերջ տոքթ. Աբր. Աբրահամեան, անձնուիրաբար կը քննէ ու ձրի դեղ կը տրամադրէ դիմողներուն։ Պատգամաւորական ժողովը լրացաւ համերաշխ մթնոլորտի մէջ։ Եղան թելադրութիւններ ու առաջարկներ, միութեան աւելի եւս յառաջդիմութեան համար։ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջ. վարչութեան նոր անդամներ ընտրուեցան տիկիններ Մերի Աբրահամեան, Արմենուհի Աբէլեան, Շաքէ Հոթոթեան, Յասմիկ Տէրանեան, օր. Արշակոյս Սէմէրճեան եւ պարոններ Սերովբէ Գալֆայեան եւ Վ. Քիւփճեան։