Մայիս ամսուայ մէջ լրացաւ «Հայրենիք»ի 63-րդ տարեշրջանը եւ սկսաւ 64-րդը։

Որեւէ հաստատութեան համար կարեւորութիւն ունեցող ժամանակաշրջան մըն է 63 տարին, իսկ օրաթերթի մը համար՝ համաժողովրդական վարկ մը, որ կը վկայէ այդ թերթին զոհաբերութեան եւ ազգային ու գաղափարական ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ անոր կատարած դերին մասին։ Հայ թերթի հրատարակութիւնը, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ, զոհողութիւն է։ Իսկ երբ այդ թերթը կազմակերպութեան մը կողմէ կը հրատարակուի, գաղափարական շունչով, զոհաբերութենէն աւելի բան մըն է։ Դրօշակ մըն է, որ կը ծածանի, բազմազան հակառակորդներու, նոյնիսկ թշնամիներու դէմ, առանց գաղափարական զիջումներ ընելու։ Յաւակնութիւն չէ եթէ ըսենք, որ դաշնակցական բոլոր թերթերը, Ամերիկայէն Եգիպտոս, Յունաստանէն Փարիզ, Հալէպէն Թեհրան եւ մինչեւ Պուէնոս Այրէս, դրօշակիրներ են, այսինքն՝ ազգային գաղափարականի մը կը ծառայեն եւ պատրաստ են ամէն զոհողութեան։ Անոնք չեն հրատարակուիր նիւթական ակնկալութիւններով։ Կը հրատարակուին բարոյական եւ նիւթական զոհողութիւններով։  Կը պայքարին հայրենիքի զգացումը վառ պահելու, հայ մշակոյթի կանթեղը անմար պահելու համար արտաքին հովերու դէմ։ «Հայրենիք»ի հաւաքածոները կուգան հաստատելու, թէ այս բոլոր ջանքերուն մէջ մեծ, առաջնորդող դեր կատարած է ան, նախ իբրեւ շաբաթաթերթ, ապա իբրեւ օրաթերթ, բայց միշտ Դաշնակցութեան նիւթական ու գաղափարական հովանիին տակ։ «Հայրենիք»ը որ կը տօնէ իր 63 տարիները եւ կը մտնէ իր 64-րդ տարեշրջանին մէջ, իրաւունք ունի մեր բոլորին գնահատանքին ու օժանդակութեան վստահելու, քանի որ բոլորինն է ան, հայ ժողովուրդին, որուն պահպանման ու զարգացման համար իր լաւագոյնը ըրած է եւ կþընէ։ Շնորհակալութեան սրտագին խօսք ունինք այս առթիւ մեր բոլոր ընթերցողներուն, աշխատակիցներուն եւ թղթակիցներուն, որոնք նոյն հաւատքով կը բերեն իրենց զոհաբերութիւնն ու գործակցութիւնը։
 
(Հատուած՝ «Հայրենիքի» խմբագրականէն)