Կիրակի Մայիս 27-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ի յիշատակ Հայաստանի ազատութեան եւ անկախութեան համար իրենց թանկագին կեանքերը զոհաբերած մեր պաշտելի հերոսներուն։
- Աթէնքի մէջ, «Քենտրիքոն» թատերասրահը ողողուեցաւ խուռներամ բազմութեամբ մը, որ եկած էր մասնակից ըլլալու Մայիս 28¬ի, Հայաստանի անկախութեան հռչակման 44-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցանելու մեր անձնուրաց հերոսներուն, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար։ Հակառակ յունահայ գաղութի տարուէ տարի նօսրացումին եւ գաղթակայաններու ցրուումին, նախանցեալ տարիներու տօնակատարութեանց մասնակցած բազմութեանց հաւասարող եւ նոյնիսկ գերազանցող այս տարուան բազմութիւնը աւելորդ փաստ մըն էր՝ մեր այս համոզումը հաստատող։ Ներկայ էին առաջնորդ սրբազան հայրը՝ քահանայից դասով, կաթողիկէ հայոց ժողովրդապետը, հայ աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչները, Ազգ. կեդր. վարչութիւնը իր ամբողջական կազմով, ինչպէս նաեւ բոլոր միութիւններուն ներկայացուցիչները։ Հանդիսութիւնը բացուեցաւ հելլէն ազգային ոգերգով եւ «Յառաջ նահատակ»ով, որոնք երգուեցան Համազգայինի երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ պրն. Յակոբ Փափազեանի։ Օրուան խօսնակը՝ ընկ. Օննիկ Զաքարեան, անդրադարձաւ օրուան հանդիսութեան նշանակութեան եւ ապա հրաւիրեց հանդիսականները մէջ վայրկեանի յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը մեր հերոսներուն։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ երգչախումբով եւ տիկ. Արուս Գրիգորեանի մեներգով՝ Կոմիտասի «Կալերգը» ու յետոյ «Հոյ Նար»ը, «Երազներուս մէջ»ը, եւ «Սիփանայ քաջեր»ը։ Ընկ. Կարօ Մարկոսեան արտասանեց Ա. Իսահակեանի «Իմ Հայաստանին»ը։ Յանուն յունահայ գաղութին իր խօսքը ուղղեց Ազգ. Կեդր. վարչութեան ատենապետ պրն. Ներսէս Յակոբեանը։ Յայտագրի երկրորդ մասը սկսաւ ընկ. Քրիստափոր Սիւսլեանի «Կարմիր Հողը» արտասանութեամբ։ Յաջորդաբար՝ օրուան բանախօսը, Թեսաղոնիկէէն մասնաւոր հրաւիրուած ընկ. Կարապետ Գալֆայանը, օրուայ իմաստը փոխանցեց ներկաներուն։ Բանախօսութենէն ետք տիկին Ծաղիկ Գազանճեան մեներգեց «Ալ վարդին երազը» եւ «Խնձորի ծառի տակին» մեներգները։ Դաշնակով իրեն ընկերացաւ մեր երիտասարդ ընկերներէն Յակոբ Ճէլալեանը։ Սրբազան հօր «Պահպանիչ»ով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը։