(Շար.)
Պատարագի սկսած պահուն՝ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որուն մէջ կային նաեւ հելլէն բարեկամներ։ Սրբազան հօր կը սպասարկէր շրջանիս շրջուն հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան։

Պատարագի կիսուն եկեղեցի ժամանեց քաղաքիս սիրուած մետրոպոլիտը՝ գերշ. Տ. Եոաքիմ սրբազանը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ներդաշնակ եւ յաջող կերպով՝ շնորհեւ  դպրապետ պրն. Թադէոս Թադէոսեանի։ Պատարագի ընթացքին, սրբազան հայրը խօսեցաւ գեղեցիկ քարոզ մը։ Թելադրեց սիրել եկեղեցին եւ ըլլալ մտքով ու հոգիով մաքուր քրիստոնեաներ։ Հիւրերու մեծարանքէն եւ մեկնումէն ետք, սկսաւ Ապրիլեան նահատակներու յուշատօնը։ Բացման խօսքը կատարեց սրբազան հայրը, որ շեշտեց թէ՝ մեր դարաւոր թշնամին թէեւ մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդեց, չկրցաւ հասնիլ հայ ազգին բնա- ջնջումին։ Երգչախումբի «Հիմի՞ էլ լռենք»էն յետոյ, փոքրիկն Յարութիւն Վարդեան արտասանեց «Նահատակներուն» խորագրով գեղեցիկ կտոր մը։ «Անոնց համար» երգէն վերջ, Թագուհի Շմաւոնեան արտասանեց «Մեռելոցի Օրը»։ Իսկ նորահաս երիտասարդներէն պրն. Համբարձում Մարուքեան արտասանեց Վարդգէս Յակոբեանի «Մեռելոց»ը՝ յուզելով ներկաները։ Երգչախումբի «Տէ՛ր, կեցո՛» երգէն յետոյ, պրն. Գրիգոր Տէրէեան քանի մը խօսք ընելէ ետք օրուան տօնին մասին, կարդաց ծանօթ հրապարակագիր եւ «Ամէնուն Տարեգիրք»ի խմբագիր Կարօ Գէորգեանի «Մի՛ մոռնաք, մի՛ մոռցնէք» գեղեցիկ գրութիւնը, գրուած Ապրիլ 24-ի առթիւ։ Արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեանի «Պապանիչ»ով  վերջ գտաւ նահատակներու յիշատակին նուիրուած հանդէսը։ Յաջորդաբար, սրբազան հայրը առաջնորդուեցաւ օդակայան՝ դէպի Աթէնք մեկնելու համար։ Սակայն, աննպաստ օդին պատճառով օդային հաղորդակցութիւնները ընդհատուած ըլլալով՝ տեղւոյն Հ. Գթ. Խաչի վարչութիւնը որոշեց ժամը 5-ին, ի պատիւ սրբազան հօր, հաւաքոյթ մը կազմակերպել, ուր եղան արտասանութիւններ եւ հայրենասիրական  երգեր։