Երուսաղէմի հայոց պատրիարքական աթոռը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Յուլիս 2-ին, հիմնադրուեցաւ Ամմանի հայոց նոր վանքը: Ամմանի հայաշատ բլուրի կողքին, վերջերս գնուեցաւ հող մը՝ դպրոց եւ եկեղեցի շինելու մտադրութեամբ: ՀԲԸ Միութիւնը իր բարերարներէն Վահրամ Իւզպաշեանի նուիրած 20,000 տոլարի յատկացումը, ազ-նուասիրտ բարերարի հաճութեամբ, տրամադրեց դպրոցի շինութեան:
Քաջալերուած իշխանական այս նուիրատուութենէն եւ նման յատկացումներու ակնկալութեամբ, Ս. Աթոռը որոշեց ձեռնարկել դպրոցի եւ եկեղեցիի շինութեան՝ յոյսը դնելով Աստուծոյ եւ ժողովուրդի ազգասիրութեան վրայ: Հիմնարկէքի արարողութիւնը կատարուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ: Ժամը 10:00ին հասաւ պատրիարքը‘ շրջապատուած Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամներով եւ դիմաւորուեցաւ Ամմանի ոստիկանապետին կողմէ: Ժամը 10:15-ին ժամանեց Յորդանանի վարչապետը Պահժաթ Թալհունի, շրջապատուած ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարար Հասան Քաթեպէն եւ կրթական նախարար Ռաֆիք Հուսէյնիէն, ինչպէս նաեւ Յորդանանի ընդհանուր ոստիկանապետէն, ռատիոկայանի տնօրէնէն եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ: Ապա կատարուեցաւ հիմնարկէքի կրօնական արարողութիւնը, որմէ ետք վարչապետը ծափերու եւ խանդավառութեան մէջ իր ձեռքով զետեղեց անկիւնաքարը եւ ծեփեց զայն: Ապա սրբազան պատրիարքը խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Ահաւասիկ կ՛իրականանայ այսօր գաղութիս եւ մեր Ս. Աթոռին տարիներու երազը… Անցած է այլեւս ժամանակը վսեմ խօսքերու եւ մեծ սուտերու, եկած է ատենը շինարարութեան… : Վարչապետը զգացուած իրեն ուղղուած գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսքերէն՝ըսաւ. «Ինծի համար հաճոյք է հիմնաքարը դնել կրթական հաստատութեան մը, որ պիտի բարձրանայ եւ գեղեցկացնէ Ամմանի բլուրներէն մին… Ուրախ եմ շնորհաւորելու հայոց պատրիարքը իր այս ձեռնարկին համար եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթեմ»: