Պուլկարիոյ ազատագրութեան պահուն (1878) Ռազգրադի մէջ հայեր չկային։ Սակայն թրքական պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ կը յիշուին քաղաքին մէջ էրմէնի սոքաք ¥հայկական փողոց¤ եւ քաղաքին շուրջ էրմէնի պաղլար (հայկական այգիներ) եւայլն։

Կը յիշուի նաեւ գոյութիւնը հին հայկական եկեղեցիի մը Ս. Աստուածածին անունով։ Այս բոլորը կուգան հաստատել, թէ Ռազգրադի մէջ գոյութիւն ունէր հայկական մեծ գաղութ մը, որ ունէր իր առանձին թաղամասը եւ եկեղեցին։ Սակայն 1878-էն ետք Ռազգրադի մէջ չկային այլեւս։ Ռազգրադի հայերու մասին առաջին անգամ տեղեկութիւններ կուտայ կաթողիկէ քարոզիչ մը՝ Փետր Բոկտան Պակշիշ, որ 1640-ին Ռազգրադ այցելած է։ Ան ի մէջ այլոց կը գրէ թէ քաղաքին մէջ կան 70 հայ ընտանիքներ, թիւով աւելի քան 460 հոգի, որոնք նոյնպէս եկեղեցի չունին, բոլորն ալ արհեստաւոր եւ ատաղձագործ են։ 125 տարի ետքը, Ռազգրադ կ'այցելէ դանիացի ճանապարհորդ Կարստէն Նիբուր, որ կը յիշատակէ թէ քաղաքին մէջ բացի թուրքերէ, պուլկարներէ եւ յոյներէ, կան նաեւ 50-60 հայեր։ Ռազգրադի հայութեան անցեալի մասին կը խօսին նոյնպէս հայ աղբիւրներ։ Աւելի ուշ, ըստ Հ. Բժշկեանի վկայութեան, իր այցելութեան ընթացքին, 1802-ին, Ռազգրադի մէջ կար քսան տուննոց հայութիւն մը, բաղկացած առեւտրականներէ։ Համայնքը ունէր նաեւ իր փոքրիկ եկեղեցին։ Ասոնք են Ռազգրադի հայկական գաղութի վերաբերեալ գրաւոր պատմական փաստերը։ Ուրիշ որեւէ առարկայական փաստ չէ մնացած, բացի տապանաքարէ մը, որ ներկայիս ի պահ դրուած է Ռազգրադի հնագիտական թանգարանին մէջ։ Տապանաքարը պատահմամբ երեւան հանուած է 1932-ին Ռազգրադի հին տունի մը քանդումի պահուն, որ թրքական տիրապետութեան շրջանին կը ծառայէր իբրեւ վառօդի աշխատանոց։ Շէնքին յատակը ծածկուած էր քարէ սալերով եւ զանոնք հանելու ժամանակ յայտնի կþըլլայ, որ տապանաքարեր են, որոնց մէջ կը գտնուի նաեւ հայերէն արձանագրութեամբ տապանաքար մը։