Ապրիլ 22-ի Կիրակին, Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն եւ պատարագ՝ Մեծ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։
Արարողութեանց եւ յաջորդող յուշատօնին ներկայ էին՝ Ազգ. Իշխանութիւնը, յարանուանութեանց յարգելի ներկայացուցիչները, Թեմական ժողովի պատգամաւորները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական, Ադամեան Թատերասիրացի եւ Երիտասարդացի վարչական կազմերը ինչպէս նաեւ խուռն բազմութիւն մը, որ ծայրէ ծայր լեցուցած էր եկեղեցին։ Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան երկսեռ դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ իր սիրուած խմբավարին՝ պրն. Արթիւր Մորճիկեանի։ Եկեղեցւոյ ճիշդ կեդրոնը կը բարձրանար թարմ ծաղիկներով ծածկուած յուշաբեմ մը՝ որուն վրայ Ազգ. Իշխանութիւնը ամբողջ համայնքին անունով զետեղած էր գեղեցիկ ծաղկեպսակ մը։ Անոր չորս անկիւնները, զինուորական կարգապահութեամբ պատուոյ պահակ կեցած էին Հ..Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդ անդամները։ Հոգեհանգիստի արարողութենէն ետք, սկսաւ յուշատօնը, որուն բացումը կատարեց Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան, որ վեր առաւ ցեղին տոկունութիւնը եւ ծանրացաւ այն պարտականութեանց վրայ, որոնք կþիյնան վերապրողներուս ուսերուն, մեր բիւրաւոր զոհերու նահատակութիւնը արժեւորելու համար։ Ապա՝ մէկ վայրկեանի ոտնկայս լռութեամբ յարգեցին նահատակներու յիշատակը։ Օրուան պատշաճ արտասանութիւններ ըրին՝ Շաքէ Կուսիկեան, Սօսի Տէրանեան եւ ընկ. Վահէ Աւետիսեան։ Ապա՝ նախագահի հրաւէրով խօսք առաւ ընկ. Լեւոն Ճլկունի։ Երգչախումբը մէջ ընդ մէջ երգեց «Անոնց համար»ը, «Տէր կեցո՛»ն եւ «Տէր ողորմեա»ն։ Տէր հօր «պահպանիչ»ով եւ երգչախումբի կողմէ երգուած «Հայր մեր»ով փակուեցաւ այս յուշատօնը։