Լոս Անճելըսէն կը գրեն «Հայրենիք»-ին. Անցեալ Կիրակի, Մարտ 25-ին, տեղւոյս Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հրապարակային ճաշկերոյթ հանդէսը: Հաւաքոյթին ներկայ եղան աւելի քան 500 հոգի, որոնց կարգին՝ ազգային ծանօթ դէմքեր եւ պաշտօնական մարմիններու ներկայացուցիչներ, որոնք յանուն իրենց

կազմակերպութեանց՝ մեծ գումարներով մասնակցեցան հանգանակութեան: Տեղւոյն վրայ գոյացաւ 10,431 տոլար: Հաւաքոյթին նպատակին շուրջ արտայայտուեցան «Հայրենիք»ներու խմբագրապետ եւ ծանօթ մտաւորական Ռուբէն Դարբինեան՝ Պոսթընէն, օրուան ատենապետ Հերի Քարեան, իրաւաբան Սուրէն Սարոյեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն եւ ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ՝ Զարեհ Զարգուն: Օրուան գեղարուեստական բաժնին իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը բերին‘ օփերայի ծանօթ երգչուհի Իրինա Չիլինկիրեան եւ Պուքրէշի ձայնասփիւռի կայանի յայտնի երգչուհիներէն Շաքէ Շիշմանեան: Ապրումով եւ իրեն յատուկ թրթռուն ձայնով արտասանեց Մինա Շիրվանեան: Նոյն օրը, 25 Մարտին, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ հանգանակութիւն կատարուած է Էքրընի փոքրաթիւ գաղութին մէջ եւ որմէ գոյացած է 1200 տոլար:

- Խաչիկ Թէօլէօլեան, Մեսեչուսեցի Ուոթըրթաուն քաղաքէն, բարձրագոյն դպրոցի ուսանող մը, ընտրուած է իբրեւ անդամ Քում Լաւուտէ ընկերակցութեան, որուն կրնան մասնակցիլ միայն ամենաբարձր նիշեր ստացող ուսանողները: Ան զաւակն է տէր եւ տիկին Մինաս Թէօլէօլեաններուն, որոնք ծանօթ են հայրենական շրջանակներու մէջ իրենց գործունէութեամբ: Խաչիկ Թէօլէօլեան մտադրած է քոլէճական ընթացքէն ետք հետեւիլ բժշկութեան: Ան անդամ է Մեոֆըրտի ՀՅԴաշնակցութեան կոմիտէին: Սոյն տեղեկութիւնը թարգմանեցինք «անգլերէն հրատարակուող «Արմինիըն Ուիքլիէն»: Իբրեւ լրացում՝ յայտնենք, որ Խաչիկ Թէօլէօլեան, ընթացիկ յորջորջումով՝ Խաչոն, իր նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ: Դեռ երկու տարին չէ լրացած իր Ամերիկա հաստատուելուն: