Քալիֆորնիա հրատարակուող մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»ի մէջ կը կարդանք.- Տոքթ. Վիգէն Սասունի, որ վարիչն է Ուէսթ Վըրճինիայի համալսարանի ատամնաբուժական բաժնին, հրաւիրուած էր Մարտ 14-16 , երեք լրիւ օրերու դասախօսութեանց շարքով մը, ներկայացնելու գանկաչափութեան՝

«ՍԻՖԱԼՈՄԻԹՐԻ» մէջ կատարած իր հետազօտութեանց վերջին արդիւնքները՝ վկայեալ ատամնաբուժներու ժողովի մը, Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին հրաւէրով: Վիգէն Սասունիի կատարած աշխատանքները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցին, 1958 թուականին, ամբողջ ամերիկեան մամուլին մէջ, երբ ան, ելեկտրոնային հսկայ հաշուեմեքենաներու օգնութեամբ փաստեց, որ գանկի վրայ առնուած քանի մը յատկանշական չափերու միջոցով, կարելի է ոեւէ անհատի ինքնութիւնը ճշդել: Տոքթ. Վիգէն Սասունի յառաջիկայ ամրան հրաւիրուած է Գերմանիա՝ ներկայացնելու իր վարկածները, ատամնաբուժներու միջազգային համագումարին:


- Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզէն»  կը քաղենք.- Շաբաթ, Մարտ 17, տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան տասնմէկերորդ տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ պարասրահին մէջ: Ծախուած էին մօտ 550 տոմսեր, ներկայ եղան հինգ հարիւր հոգի, թիւ մը, որ աննախընթաց էր: Այս յիսուն տոլարի ճաշկերոյթը միակն է բովանդակ հայ իրականութեան մէջ: Արդէն դարձած է աւանդական: Հիւրեր եկած էին Քալիֆորնիոյ զանազան քաղաքներէն եւ հեռաւոր այլ նահանգներէ: Երեկոյթին ատենապետեց Ճան Կոկեան՝ տնօրէն գանձապահը հիմնարկութեան: Նախքան ճաշի սկսիլը՝ հրաւիրեց ծանօթ երգիչ Եդուարդ Թորոսեանը, որ յուզումով երգեց «Հայր Մեր»ը: Ատենապետ Ճան Կոկեան բեմ հրաւիրեց նաեւ հիմնարկութեան գործիչ- քարտուղար Բիւզանդ Կռանեանը, որ երկու պատուոյ տախտակներ ներկայացուց, մէկը՝ ազգային բարերարուհի Սոֆիա Լեւոն Յակոբեանին եւ երկրորդը, յետ մահու, Միհրդատ Տիգրանեանին: