«Հայրենիք»-ի մէջ կը կարդանք.- Ֆիլատելֆիայէն կը հաղորդեն մեզի, հեռաձայնով.- Կիրակի, 25 Մարտ, 1962, Հայ ազգային սրահին մէջ՝ ընկերներու եւ համակիրներու խանդավառ եւ հաւատաւոր բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Ֆիլատելֆիոյ կոմիտէին հանգանակային հացկերոյթ-ժողովը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Արմենուշ Տէր Աբրահամեան (արտասանութիւն) եւ Արսէն Սայեան (վարիչ «Քնար» երգչախումբին, մեներգով): Օրուան ատենախօսներն էին Կոպեռնիկ Թանտրճեան (յատկապէս հրաւիրուած Տիթրոյիթէն) եւ Վիգէն Պապայեան (Նիւ Ճըրզիէն): Կ. Թանտրճեան՝ հայերէնով, իսկ Վիգէն Պապայեան՝ անգլերէնով ատենախօսեցին՝ պարզելով ՀՅ Դաշնակցութեան նպատակները, անցեալի մէջ իրագործած ազգային, քաղաքական եւ մշակութային նուաճումները եւ այսօրուան ու վաղուան ձգտումները: Յատկապէս ծանրանալով համայնավարութեան կողմէ ծրագրուած հակադաշնակցական եւ հակահայ պայքարի էութեան վրայ՝ անոնք ընդգծեցին կարեւորութիւնը ՀՅԴ ապագայ առաքելութեան: Ստեղծուած ընդհանուր ոգեւորութեան մէջ յայտարարուեցաւ բացումը հանգանակութեան, որ պիտի շարունակուի նաեւ ճաշկերոյթ-հանդէսէն ետք: Տեղւոյն վրայ գոյացաւ 4000 տոլար: Եղիշէ Մելիքեան նուիրեց 700 տոլար, Վահան Մխալեան՝ 600 տոլար, իսկ շատեր, մասնակցեցան 200-50 տոլարով:

Անցեալ գիշեր Գարագաշի մէջ տեղի ունեցան  հակակառավարական ցոյցեր եւ ահաբեկչական յարձակումներ, որոնց ընթացքին երկու ոստիկաններ սպաննուեցան եւ ութը քաղաքացիներ վիրաւորուեցան։ Ոստիկանները սպաննուեցան՝ երբ ինքնաշարժի մը մէջէն ահաբեկիչներ գնդացիրի կրակ բացին մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող ձայնասփիւռի կայանին վրայ։ Երեք պահակներ եւ երկու քաղաքացիներ ալ վիրաւորուեցան։ Ցուցարարները կրակեցին մարդատար ինքնաշարժի մը վրայ։