Շար.)
Ամասիոյ մէջ հայերը 207 տուն են (շուրջ 828 անձ)։ Ունին քահանայ, բայց չունին եկեղեցի եւ դպրոց։ Եւդոկիաի (Թոքատ) մէջ հայերուն ընդհանուր թիւը 712 թ (178 տուն)։ Կը զբաղին առեւտուրով։ Ունին բարեկեցիկ վիճակ։ Չունին եկեղեցի, դպրոց եւ քահանայ։
Մալաթիոյ մէջ ապրող հայերուն թիւը շուրջ 1372 թ (343 տուն)։ Ունին նիւթական լաւ վիճակ, շատերը նոյնիսկ տէր են սեփական բնակարանի եւ կալուածներու։ Չունին, սակայն ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ դպրոց եւ ոչ ալ քահանայ։ Խարբերդի (Էլ Ազիզ) մէջ 174 հայ ընտանիք կայ (շուրջ 696 անձ)։ Մեծ մասամբ առեւտրական են եւ արհեստաւոր։ Ունին տնտեսական գոհացուցիչ վիճակ, սեփական տուն։ Չունին եկեղեցի, դպրոց եւ քահանայ։ Եոզկատի մէջ հայերուն թիւը 752 է (շուրջ 188 ընտանիք) բաժնուած՝ կեդրոնին եւ գիւղերուն մէջ։ Հազիւ կը ճարեն իրենց ապրուստը։ Առ հասարակ կը զբաղին արհեստներով, երկրագործութեամբ, եւ անասնաբուծութեամբ։ Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ քահանայ եւ ոչ ալ դպրոց։ Ասոնք են ամփոփ գիծերու մէջ տրուած տեղեկութիւնները այն ցիրուցան հայերուն մասին, որոնք դեռ կ'ապրին Թուրքիոյ ներքին գաւառներուն մէջ, գրեթէ իրենց բախտին ձգուած։ Չկան թիւեր ու տեղեկութիւններ բուն իսկ հայաբնակ, այսպէս կոչուած «Արեւելեան նահանգներու»ն մասին (Կարին, Վան, Տարօն, Բաղէշ, եւալյն)։ Չենք գիտեր թէ հայեր կþապրին այս նահանգներուն մէջ։ Չենք գիտեր նաեւ թէ «բեկոր»ներ մնացած են Բիւթանիոյ, Իզմիրի, Եդեսիոյ, Շապին Գարահիսարի մէջ եւ այլուր։ (Վերջ)
Տեղեկութեանց համաձայն, Թուրքիոյ վար- չապետ Ինէօնիու եւ արտաքին նախարար պ. Էրկին ՆԱԹՕի ընդ. քարտուղար պ. Սթիքէրի հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, սեղանի վրայ դրած են ՆԱԹՕի կողմէ Թուրքիոյ տնտեսական օգնութիւն տալու հարցը։