(Շար.)
Անատոլուի մէջ ճամբորդութիւնը հաճելի գործ չէ։ Թէեւ կարգ մը վայրերու մէջ կան հանգստաւէտ պանդոկներ, բայց գաւառներուն մէջ կան միայն երկյարկանի խաներ, վարի յարկը՝ անասուններուն յատկացուած, իսկ վերինը՝ ճամբորդներուն։

Չկայ հին օրերու հիւրասիրութիւնը, երբ գիւղապետը պատիւ կը համարէր ճամբորդը իր տան մէջ հիւրընկալել։ Գիւղացիները հիմա աղքատ են աւելի եւ չեն ուզեր իրենց վրայ կասկած հրաւիրել՝ օտարական մը ընդունելով։ Ճամբաները մեծ մասամբ վերաշինուած են եւ կամուրջները ամրապնդուած։ Երկրին խորերը ճամբորդած ատեն՝ անմարդաբնակ ահագին տարածութիւններու գոյութիւն աւելի գէշ կ'ազդէ մարդու վրայ։ Օրեր կրնաք ճամբորդել առանց մարդկային շունչի կամ գիւղի հանդիպելու։ Գիւղերու մէջ ժողովուրդը ծայր աստիճան աղքատ է։ Կան կարգ մը մենաշնորհներ եւ արգելքներ, որոնք կը կաշկանդեն առեւտուրը։ Չենք գիտեր թէ՝ Թուրքիոյ մէջ նոր օրէնքները ի՞նչ արդիւնք պիտի տան։ Այսօր մանաւանդ արշաւ մը սկսած է նախակրթարաններ բանալու՝ Անատոլուի մէջ։ Անգարայի հայ բնակիչները 500 տուն կը կազմեն (շուրջ 2000 անձ, իւրաքանչիւր ընտանիք չորս հոգի հաշուելով)։ Ունին նիւթական գոհացուցիչ վիճակ։ Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ դպրոց եւ ո՛չ ալ քահանայ։ Կեսարիոյ մէջ հայերը 592 տուն կը կազմեն (շուրջ 2368 անձ)։ Ունին բարեկեցիկ վիճակ։ Ունին եկեղեցի եւ քահանայ։ Չունին դպրոց։ Սեբաստիոյ հայ բնակիչները 487 տուն կը կազմեն (շուրջ 1948 անձ)։ Ունին նիւթական գոհացուցիչ վիճակ, կ'աշխատին արտերու, պարտէզներու եւ այգիներու մէջ։ Մեծ մասամբ առեւտրական են եւ արհեստաւոր։ Չունին ո՛չ եկեղեցի, ո՛չ քահանայ եւ ոչ ալ դպրոց։ Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայերը 564 տուն են (շուրջ 2256 անձ)։ Ունին երկու եկեղեցի, որոնք վարձու տրուած են, իսկ մանկապարտէզի շէնքը վերածուած է եկեղեցիի։ Ունին քահանայ։ Չունին դպրոց։
(Շար. 2