Երբեմնի հայկական Անատոլուն խորագրով յօդուած մը լոյս տեսած է Կ. Մուրատեանի ստորագրութեամբ, որուն մէջ տեղեկութիւններ կուտայ Թուրքիոյ հայերուն ընդհանուր թիւին վերաբերեալ։
Ան կ'ըսէ.- Ներկայիս Սեբաստիոյ մէջ ապրող հայերուն թիւը հազիւ 200-250ի կը հասնի։ Անոնք առաւելաբար կը զբաղին ոսկերչութեամբ, սափրիչութեամբ, երկաթագործութեամբ։ Կան նաեւ դերձակներ, դարբիններ, ժամագործեր, քանի մը մանր առեւտրականներ եւ օրավարձով աշխատողներ։ Դժբախտաբար, ոչ մէկ վիճակագրութիւն կատարուած է ստուգելու համար հայութեան թիւը Սեպաստիոյ եւ առ հասարակ Անատոլուի մէջ։ Պատրիարքարանին կողմէ երբեմն գաւառ ղրկուած հոգեւորականներուն տուած թիւերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Անատոլուի մէջ հազարաւոր հայեր մնացած են, որոնք բոլորովին մեկուսի կեանք մը ունին, գրեթէ անտեղեակ՝ Պոլսոյ հայութեան կեանքին ու վիճակին։ Աւելի քան քառասուն տարի գերմարդկային պայքար մղած են. շատ անգամ կորսնցուցած են իրենց լեզուն եւ կրօնը։ Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի մէկ կարելի է հանդիպիլ նման հայերու։ Սեբաստիայէն վերջին տասը տարուոյ ընթացքին շատ մը հայեր գաղթած են Պոլիս։ Սեբաստիա մնացած հայերը հայախօս են, գրեթէ բոլորն ալ։ Բայց մեծ մասը հայերէն գրել կարդալ չի գիտեր։ Ոչ դպրոց ունին եւ ոչ ալ եկեղեցի։ Ապրած են տեսակ մը կղզիացած վիճակի մէջ, առանց հաղորդակից դառնալու արտասահմանի եւ Պոլսոյ իրենց ազգակիցներուն վիճակին։ Սեբաստիոյ եկեղեցիները գոյութիւն չունին այլեւս։ Եկեղեցական հողերուն վրայ այսօր բարձրացած են մեծ շէնքեր։ Անվթար մնացած է Ս. Նշան եկեղեցին, որ վերածուած է մթերանոցի, իսկ Արամեան վարժարանը վերածուած է «Իմամ Հաթիպ Օքուլու»ի։ Սեբաստիոյ հայերը ամփոփուած են գրեթէ մէկ թաղի մէջ եւ իրարու շատ սերտ կապեր ունին։ Խառն ամուսնութիւններ գրեթէ չկան։ Աւանդապահ հայրենասէրներ հայեր են։ Անոնք հրաժարած են իրենց երազէն՝ եկեղեցի եւ դպրոց ունենալու մասին, որովհետեւ իրենց միջոցները չեն բաւեր՝ իրականացնելու համար այդ գաղափարը։
(Շար. 1)