Մաքս Պարոնեան Ս. Փաւլոյէն կը գրէ Մարտ 10 թուականով.- Պրազիլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ մը արժանացած է կուսակալի տիտղոսին:

Հրանդ Սանազար իր երիտասարդ տարիքէն արդէն նետուած է այս ասպարէզին մէջ, նախքան կուսակալ ընտրուիլը՝ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած էր: Ան ծնած է Ուզասկօ գաւառը: Շատ սիրուած իր ժողովուրդէն, մեծամասնութիւն շահելով իր հակառակորդներուն դէմ, քուէներու մեծ տարբերութեամբ տոքթ. Հրանդ շահեցաւ կուսակալութիւնը: Տոքթ. Հ. Սանազար շատ սիրուած է նաեւ Ս. Փաւլոյի հայ գաղութէն՝ իր հեզ բնաւորութեամբ եւ ուշիմութեամբ: Ան է, որ երբ արտասահմանէն ծանօթ հայ անձնաւորութիւն մը գայ, կը ներկայացնէ կառավարական մեծ պաշտօնեաներուն: Եւ յաճախ իր բարոյական օժանդակութիւնը կը բերէ հայ գաղութիս: Տոքթ. Հ. Սանազար աւարտած է իրաւաբանական համալսարանը: Նոյնպէս լաւ կը խօսի հայ լեզուն: Քանի մը հայկական գիրքեր թարգմանեց փորթուգալերէնի:

Այս տարի Ս. Փաւլոյի հայկական վարժարանը յաջողեցաւ երեք դասարան եւս աւելցնել եւ բարձրագոյն վարժարան դարձաւ: Նոյնպէս առին երկու օթոպիւս, որպէսզի բոլոր պզտիկները կարենան յաճախել հայ վարժարան:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ընդարձակ զեկոյց մը հրատարակած է պատրիարքին Անգարա այցելութեան, ունեցած շփումներուն, այցելութեանց եւ վերադարձին առթիւ: Կը քաղենք հետեւեալ մասերը. Իր այցելութեանց ընթացքին պատրիարք հայրը առիթ ունեցաւ պետական աւագանիին յայտնելու իր շնորհակալութիւնները այն  դիւրութիւններուն համար, որոնք ընծայուեցան իր ընտրութեան եւ թուրք հայրենակցութեան մէջ վերահաստատուելու առիթով: Յայտնեց իր եւ համայնքին յարգանքը պետական աւագանիին եւ հաւաստիացուց հայ համայնքին անխախտ կապը հայրենիքին եւ անվերապահ ճիգը անոր վերելքին եւ բարգաւաճման համար: