1962 Ապրիլ 8-ին պատմական եւ անմոռանալի թուական մը պիտի մնայ Յունահայութեան տարեգրութեանց մէջ։

Աթէնահայութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ յուզումնալից այն պահերը՝ զորս ապրեցաւ այդ օր, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արժանընտիր արք. Խրիսոսթոմոս սրբազանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիս եկեղեցին այցելութեան առթիւ։ Եկեղեցւոյ փողոցին եւ քովընտի փողոցներուն մէջ՝ դիրք բռնած էին ոստիկանապետներ, իսկ եկեղեցւոյ մուտքին մօտ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտները՝ պատուի առնելու համար բարձրապատիւ հիւրը։ Ներկայ էին՝ արժանապատիւ քահանայ հայրերը, Ազգային իշխանութիւնը, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց մարմինը, Խնամակալ մարմինը, Թաղ. խորհուրդները, Հ. Կ. Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւնները եւ մեծ թիւով ազգայիններ։ Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոսը դիմաւորեց՝ յունահայոց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան։ Երկու կրօնապետները դպրաց դասը՝ «Հրաշափառ»ով առաջնորդեց եկեղեցի։ Թեմակալ սրբազան հայրը, յունարէն լեզուով կարդաց բարի գալուստի ուղերձ մը, որուն, յուզումէն դողդղացող ձայնով պատասխանեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոսյ Տ.Տ. Խրիսոսթոմոս սրբազանը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայերու եւ յոյներու տառապանքներուն իրենց հաւատքին համար։ Ապա՝ նոյն կանոնաւոր թափորով եւ դպրաց դասու շարականով երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ առաջնորդարանի դահլիճը ուր Ազգային իշխանութեան կողմէ յունարէն լեզուով խօսեցան ատենապետ՝ պրն. Ներսէս Յակոբեան եւ իրաւագէտ պրն. Ստեփան Ֆէսճեան։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր՝ որմէ վերջ սրբազանը եւ միւս հիւրերը մեծարուեցան։ Մօտ մէկ ժամ առաջնորդարանին մէջ մնալէ եւ ներկաներուն հետ խօսակցելէ յետոյ, Խրիսոսթոմոս արքեպիսկոպոս հրաժեշտ առնելով ներկաներէն թափորով ուղղուեցաւ դէպի ինքնաշարժ եւ մեկնեցաւ առաջնորդարանէն։