Պետական եւ հասարակական գոյքերը եւ նիւթական աղբիւրները «իւրացնողներուն» այլ խօսքով գողցողներուն դէմ պատժական խիստ միջոցներ (մահապատիժ եւայլն) ձեռք առած էր Խորհրդային կառավարութիւնը։

Այսուհանդերձ կը թուի թէ ոչ միայն կը շարունակուին գողութեան եւ զեղծարարութեան դէպքերը, այլեւ, ինչպէս կը գրէ «Սով. Հայաստան»ի Մարտ մէկի թիւին մէջ, Հայաստանի ելմտական նախարարին տեղակալը՝ Է. Սարգսեան, «ապրանքանիւթական արժէքների պակասորդներն ու իւրացումները գնալով աւելանում են»։ Շեշտելէ ետք այս ցաւոտ պարագան, Է. Սարգսեան կուտայ նաեւ թիւեր եւ մանրամասնութիւններ։ «Բաւական է ասել,- կը գրէ ան,- որ 1960 թուականին միայն առեւտուրի նախարարութեան ու սպառողական համագործակցական սիստեմում դրանք (խօսքը գողութիւններու մասին է) կազմեցին շուրջ 400.000 ռուբլի (նոր դրամով) եւ գրեթէ նոյնքան 1961 թուականին»։ Ահա նաեւ կարգ մը մանրամասնութիւններ.- Երեւանի Ունիվերմագի հիւսուածեղէնի բաժնի վարիչը՝ Ա. Գալոյեան «յափշտակած» է 65.000 ռուբլի արժէքով գոյք։ Շինարարութեան նախարարութեան 2-րդ ցանցին մէջ կատարուած է 650.000 ռուբլի արժէքով շինանիւթի բաց։ Հոկտեմբերեանի պահածոներու գործարանին պահեստներէն 1958-էն ի վեր գողցուած են 800.000 ռուբլի ապրանք։ Աւելի քան յիսուն հազար ռուբլի իւրացուցած են 1958-էն ի վեր Լենինականի հրաշուկեղէնի գործարանին հաշուապահը, վարիչները, պահեստի պատասխանատուները եւ առեւտրական ցանցին կարգ մը պատասխանատուները։ Վերջապէս «զգալի թիւով ձեռնարկութիւններ եւ կազմակերպութիւններ 1961 թուականին թոյլ են տուել աշխատավարձի ֆոնտի գերծախսեր» եւայլն։ Ելմտական նախարարի տեղակալին կարծիքով, առաջին առթիւ պէտք է բարելաւել եւ ապահովել «հաշուապահական կադրերի որակի բարձրացումը», քանի որ «գլխաւոր եւ աւագ հաշուապահների աննշան մասն ունեն բարձրագոյն կամ միջնակարգ մասնագիտական կրթութիւն»։